Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Թրամփ Խոստացած Է Յառաջիկայ Տարի Այցելել Թուրքիա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու գործընկերը՝ Տոնալտ Թրամփը, հրաւիրած է Անգարա: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:

Ան յայտնած է, որ նման պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Դեկտեմբեր 14ին Էրտողանի ու Թրամփի միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

«Վերջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ Էրտողան Թրամփը հրաւիրած է Թուրքիա: Թրամփ ըսած է, թէ հաւանական է, որ այցելէ 2019 թուականին»,- յայտնած է Քալընը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին