«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Զենիթային հրթիռային «Patriot» համակարգեր ձեռք բերելու մասին Միացեալ Նահանգներու առաջարկը պիտի չազդէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ C-400 համակարգեր գնելու համաձայնութեան վրայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը:
«C-400ի գործարքը աւարտած է, առաջին մարտկոցները կը մատակարարուին 2019 թուականի Հոկտեմբերին: «Patriot»ի առաջարկը ոչինչ կը փոխէ, քանի որ մենք ատիկա չենք դիտարկեր որպէս այլընտրանք: Մենք կրնանք ստանալ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը»,- ըսած է ան: