«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի տարածքին Դեկտեմբեր 23ին, 24ի գիշերը, 25ին կը սպասուի առանց տեղումի եղանակ: Դեկտեմբեր 24ի ցերեկը, 26ի օրուան երկրորդ կէսին, 27ին, 28ի գիշերը շրջաններու զգալի մասին, 28ի ցերեկը՝ Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ կը սպասուին տեղումներ եւ մառախուղ, լեռնային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ՝ ձիւն։
Քամին կ’ըլլայ հիւսիս-արեւելեան՝ 3-8 մ/վրկ արագութեամբ:
Օդի ջերմաստիճանը Դեկտեմբեր 24-26ի ցերեկը կը նուազի 4-5 աստիճանով:
Երեւան քաղաքի մէջ Դեկտեմբեր 24ի գիշերը, 25ին, 26ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումի եղանակ։ Դեկտեմբեր 24ի ցերեկը եւ 26ի օրուան երկրորդ կէսին, 27ին, 28ի գիշերը կը սպասուին տեղումներ՝ բարձրադիր գօտիի մէջ թաց ձիւնի տեսքով։ Առաւօտեան ժամերուն ցածադիր գօտիի մէջ կը սպասուի մառախուղ։