«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Կիրակի առաւօտեան հազարաւոր ցուցարարներ Պէյրութի մէջ բողոքեցին ընդդէմ Լիբանանի կենսամակարդակին եւ քաղաքական համակարգին: Յետմիջօրէի ժամերուն, իրավիճակը տակաւ թէժանալով, ապահովական ուժերը սկսան ցուցարարներուն հարուածել մականով:
Ցոյցը, որուն կը մասնակցէին Սապաա եւ Լիբանանի Համայնավար կուսակցութիւնները՝ ի թիւս այլ խմբաւորումներու, կը միտէր բողոք բարձրաձայնելու ընդդէմ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ տակաւին անլոյծ փակուղիին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ խնդիրներու, որոնք յարադէպ անհանգստութեան պատճառ հանդիսացած են Լիբանանի ժողովուրդին համար:
Թէեւ Լիբանանի պետական բարձր պաշտօնատարները յայտարարած էին, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի Շաբաթ երեկոյեան, սակայն վերջին վայրկեան յայտնուած անսպասելի խոչընդոտներ ի դերեւ հանեցին նախքան Ամանորը նոր կառավարութեան հռչակման յոյսերը: