«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութիւնը ինչպէս նախապէս յայտարարած էր, այսօր Լիբանանի տարածքին նախատեսուած շարք մը հաւաքակայաններէ տեղի պիտի ունենայ 1000 սուրիացի գաղթականներու կամաւոր տունդարձը:
Վերադարձը կը մեկնարկէ առաւօտեան ժամը 6ին շարք մը հաւաքատեղիներէ, ինչպէս՝ Աքքար, Արսալ, Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Նապաթիէ, Շեպաա, Սայտա, Թրիփոլի եւ Սուր, նախքան Ապպուտիէ, Մասնաա եւ Ալ Զամարանի սահմանային անցակէտերը հատելը: Այս մասին նշուած է Ընդհանուր անվտանգութեան՝ Շաբաթ օրուան յայտարարութեան մէջ: