Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի Պիւտճէի Հերթական Մրցանիշները

Դեկտեմբեր 20ին Արցախի խորհրդարանը հաստատեց 2019 թուականի պետական պիւտճէն: Մօտ 15 տարուան ընդմիջումէն ետք Արցախը դարձեալ յաւելուրդով պիւտճէ ունի. 2019ին պետական պիւտճէով եկամուտները աւելի շատ կ’ըլլան, քան ծախսերը: Մօտ մէկ ամիս տեւած խորհրդարանական քննարկումներուն, պատգամաւորներն ալ մասնակցած են պիւտճէ-2019ի նախագիծը աւարտական տեսքի բերելու աշխատանքներուն: Ազգային ժողովին մէջ վերջնական քննարկումներուն մասնակցած է նաեւ Արցախի նախագահը: «Այսուհետեւ ալ ամէն ինչ պիտի կատարուի՝ բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացման, զինուած ուժերը ժամանակակից զինասարքերով համալրման, քաղաքացիական պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման, զինծառայողներու, վեթերաններու եւ հաշմանդամներու ընկերային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ»,- պիւտճէական առաջնահերթութիւններու մասին խօսելով՝ ընդգծած է Բակօ Սահակեան:- Կ’ուզեմ ընդգծել, որ պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին ԱԺ խմբակցութիւններու եւ առանձին պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած են 100է աւելի գրաւոր առաջարկներ: Անոնց մէկ մասը ընդունուած ու ներառուած է պիւտճէի վերջնական տարբերակին մէջ»:

Պիւտճէն կ’ունենայ ընկերային ընդգծուած ուղղուածութիւն: Կենսաթոշակի նուազագոյն շեմ սահմանուած է 25 հազարը: Աւելցուած են առողջապահութեան ուղղուած միջոցները: Նոր ծրագիրներ կը մեկնարկեն բնակարանաշինութեան ոլորտին մէջ՝ աւելի մատչելի պայմաններով: Կը շարունակէ ուշադրութեան կեդրոնին մնալ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգը, աւելցած են նաեւ քաղաքական պաշտպանութեան ուղղուած գումարները: Հետեւաբար, պիւտճէ-2019ի մէջ ծախսային մասը նախնական տարբերակի համեմատ աւելցած է: Պիւտճէն, սակայն, կը շարունակէ մնալ յաւելուրդով: «Պետական պիւտճէի վերջնական ցուցանիշները կը կազմեն, եկամուտներու գծով, 112 միլիառ 547մլն դրամ, ծախսերը՝ 111 միլիառ 410.5 մլն դրամ: Յաւելուրդը կը կազմէ 1 միլիառ 136.5 մլն դրամ»,- վերջնական թիւերը ներկայացուցած է Արցախի ֆինանսներու նախարար Արթուր Յարութիւնեանը: Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ նախապատուութիւնը արտադրութեան զարգացման ծրագիրներուն կը տրուի: Ելեկտրականութեան արտադրութիւնը կը հասցուի 400 միլիոն քիլոուաթ/ժամի: Տնտեսական աճը առնուազն 8 տոկոս կը նախատեսուի, համախառն ներքին արդիւնքը՝ 333 միլիառ դրամ: Պիւտճէական քաղաքականութենէն կը շարունակէ դժգոհ մնալ ընդդիմադիր «Վերածունդ» խմբակցութիւնը: «Պիւտճէ-2019ի մէջ տնտեսութեան զանազանակերպումի ուղղուած համարձակ ծրագիրներ չկան: Ես դէմ պիտի քուէարկեմ պիւտճէ-2019ին»,- խմբակցութիւններուն յատկացուած ելոյթի ժամանակ ընդգծած է ԱԺ «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեանը: Դէմ արտայայտուած է նաեւ Շարժում-88 խմբակցութիւնը: «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւնը կողմ էր դիտարկումներով, «Դաշնակցութիւնը» կողմ էր վերապահումներով: Արցախի խորհրդարանի ամենամեծ՝ «Հայրենիք» խմբակցութիւնն ալ կ’ընդգծէ՝ 2007էն կ’աջակցին գործող նախագահին, որուն ծրագիրը կ’արտացոլէ պիւտճէն: Պիտի շարունակեն նոյն ոգիով: «Հայրենիք խմբակցութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, հնարաւորութիւն պիտի տայ կառավարութեան այդ ծրագիրները կեանքի կոչելու»,- ընդգծած է ԱԺ «Հայրենիք» խմբակցութեան նախագահ Արթուր Թովմասեանը:

Արցախի 2019 թուականի պետական պիւտճէն ընդունուեցաւ ձայներու 26 կողմ, 5 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին