Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Մեր Կորուստներէն. Հրայր Հովիւեան Տիպար Եւ Աննկուն ԿուսակցականըՄեր Կորուստներէն. Մեր Կորուստներէն. Մեր Կորուստներէն. Մեր Կորուստներէն.

ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ 2019 ԲԱՑԱՌԻԿ – Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն եւ գաղափարախօսութիւն ենթակայ եղած է ներքին եւ արտաքին փոթորիկներու եւ մարտահրաւէրներու: Երբ անոր արմատները լայն են եւ հաստատուն, ան կը գոյատեւէ, նամանաւանդ շնորհիւ տուեալ դժուար օրերուն ղեկավարութիւն ստանձնած անձերու հեռատես, հաւատարիմ, սկզբունքային, հանդուրժող, սակայն տոկուն ու անսասան նկարագրին:  

Այս հաստատումը կ’ընենք Լիբանանի մէջ գործած եւ դաստիարակած անձի մը մասին, որ օրինակ պէտք է ծառայէ յաջորդող սերունդներուն:

Այսպէս է ընկեր Հրայր Հովիւեանի կերպարը մեր մտասեւեռումին մէջ որպէս մարդ, գաղափարական ու մանաւանդ կուսակցական յեղափոխաշունչ նուիրեալ գործիչ:

Սերունդները անկասկած երկար պիտի յիշեն իր նիստ ու կացին մէջ հեզահամբոյր, սակայն ներքնապէս կրակ, հաւատք, կամք, գաղափարական անշիջելի հոգի ու մանաւանդ անկոտրում հետեւողականութիւն եւ գաղափարապաշտ կուսակցականի վեհ գիտակցութեան տէր՝ նորոգ հանգուցեալ ընկեր Հրայր Հովիւեանը, որ մնաց անզիջող ու սկզբունքային՝ հակառակ իր հանրային կեանքին մէջ, թէ ֆիզիքապէս դիմագրաւած ամէն մարտահրաւէրներուն:

Հրայր Հովիւեան ծնած է Պէյրութ 9 Ապրիլ 1955ին:  Նախնական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. վարժարանի մէջ: Երկրորդական ուսումը շարունակած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի մէջ, զոր աւարտած է պատուոյ յիշատակութեամբ 1973ին: Համալսարանական ուսման համար յաճախած է Հայկազեան գոլէճ (հետագային համալսարան), ուրկէ վկայուած է որպէս Պսակաւոր Առեւտրական Գիտութիւններու 1977ին: Շրջան մը աշխատած է որպէս հաշուապահ, ապա համալսարանական բարձրագոյն ուսման համար 1981ին ընդունուած է Beirut Univeristy College (BUC), ուրկէ վկայուած է Մաքիստրոսի աստիճանով Առեւտրական գիտութիւններու մէջ: Համալսարանը աւարտելէն անմիջապէս ետք հրաւիրուած է դասախօսական ամպիոն: Մինչեւ 1987 տնտեսագիտութիւն դասաւանդելէ ետք, 1987էն ի վեր տնտեսագիտութեան մնայուն դասախօսի պաշտօն վարած է Notre Dame Universityի մէջ, Assistant Professor in Economics and Finance հանգամանքով:

1987ին ամուսնացած է Մարալ Յարութիւնեանի հետ: Ունեցած են երկու դուստրեր՝ Դուին եւ Լոռի:

Ազգային եւ եկեղեցական ծառայութեան համակ նուիրեալ Հրայր Հովիւեան 1963էն 1971 ծառայած է Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասին: 1963էն 1975 մաս կազմած է ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական խումբին: Եղած է ՀԲԸՄի կրկնակի վեթերան:

1994էն 2005 ատենապետած է Անարատ Յղութեան Քոյրերու Պէյրութի Հռիփսիմեանց վարժարանի հոգաբարձութիւնը: 2000էն 2010 ստանձնած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնը: 2006էն անդամակցած է ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմինի վարչութեան: 2012ին շրջանի մը համար ատենապետած է նոյն վարչութիւնը:

Կանուխ տարիքէն՝ 1972ին Հրայր Հովիւեան միացած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, որուն ընդմէջէն եւ անցնելով շարքային կեանքի բոլոր փուլերէն հասնելով ղեկավարութեան, ընկ. Հովիւեան մինչեւ իր անժամանակ մահը տարած է բեղուն գործունէութիւն: Մաս կազմած է տասնեակ մը շրջանային պատգամաւորական ժողովներու:  Կուսակցութենէն ներս ստանձնած է տարբեր պատասխանատու պաշտօններ: 1986էն սկսեալ գործած է ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւններու մէջ իբրեւ խորհրդական եւ դիւանի անդամ: Լիբանանի 1996ի, 2000ի, 2005ի եւ 2009ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատասխանատու դեր վերցուցած է կուսակցութեան ընտրական մեքենային մէջ: Մասնակցած է 1996ի Պիքֆայայի, 1998ի Աթէնքի, 2000ի Աթէնքի, 2003ի Փարիզի, 2012ի Լիոնի եւ 2016ի Երեւանի մէջ կայացած ՌԱԿ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովներուն: Անդամ էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան 2012էն ի վեր: Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ մաս կազմած է 14 Մարտի Ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան: 

2007ին յատկանշականօրէն մասնակցած է Երեւանի մէջ կայացած ՌԱԿի ընդլայնուած ժողովին եւ նոյն առիթով մասնակցած է ՌԱԿ – ՀՅԴ խորհրդաժողովին դարձեալ Երեւանի մէջ: Իր մասնակցութիւնը յատկանշական էր այն պատճառով, որ ան փութացած էր ժողովին՝ հակառակ իր մօտ յայտնուած քաղցկեղին ու անկէ յառաջացած ահագին բարդութիւններուն, որոնք ֆիզիքապէս տկարացուցած էին զինք: Ան իր մտահոգութիւնն ու ցաւը մէկդի դրած եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ  մասնակցելու ժամանած էր ընդհանուրին մտահոգութիւնը եղող կարեւոր հանդիպումներու: Այս առիթով եւ պաշտօնապէս ընկ. Հրայր Հովիւեանին շնորհուեցաւ կուսակցութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ շնորհուող «Օրինակելի Կուսակցական»ի վկայագիրը:

***

ՌԱԿի շարքերուն մէջ հասակ նետած  ընկ. Հրայր եղաւ այն խոնարհներէն, որոնք իրենց հաւատքով, նուիրումով, ուղղամտութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ  դարձան սիրելի դէմքեր եւ յարգանքը վայելեցին շատերուն:  

Այսպէս եղած է ընկ. Հրայր Հովիւեանը իր պատասխանատուութեան ճամբուն վրայ: Առնական, անտեղիտալի, առջեւէն քալող օրինակելի ղեկավարը:

Ընկ. Հրայր Հովիւեանի անժամանակ մահուան քառասունքին առիթով գրուած են այս համեստ տողերը: Թող որ մնացողներուս օրինակ դառնան մեր սիրելի ընկերոջ բարոյական արժանիքները:  

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին