«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ մէջ աղմկալից բացայայտում իրականացուած է հռչակաւոր «Spiegel» պարբերականի յօդուածագիր Քլաաս Ռելոթիուսի (Claas Relotius) մասին, որ կը մեղադրուի կեղծ տեղեկութիւն տրամադրելու մէջ։ Հրապարակումը տարածում գտած է գերմանական մամուլին մէջ, ներառեալ՝ «Deutschlandfunk», «Bild», «Tagesspiegel» եւ այլն։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը, 33ամեայ Ռելոթիուսը արդէն խոստովանած է իր կեղծարարութիւնները եւ այլեւս պիտի չաշխատի պարբերականի համար։
Միայն Շփիկելի համար Ռելոթիուսը գրած է աւելի քան 50 կեղծ յօդուած` ամբողջ աշխարհի մասին։ Ինչպէս պարբերականը կը նշէ, իր մրցանակակիր յօդուածներուն մեծ մասը ձեռնածութիւն է` վայրերը, մէջբերումները, նոյնիսկ մարդիկ:
Քլաաս Ռելոթիուսը՝ որպէս ազատ լրագրող, աշխատած է նաեւ այլ լրատուամիջոցներու համար, ինչպէս, օրինակ, «Financial Times Deutschland», «SZ-Magazin», «Zeit»ի առցանց տարբերակ եւ այլն։ Իր գործունէութեան ընթացքին պարգեւատրուած է մի քանի մրցանակներով, այդ կարգին` 2014 թուականին «CNN»ի կողմէ հռչակուած է տարուան լրագրող։ Առաջին մրցանակը ստացած է պատերազմի պատճառով հայրենիքը լքած սուրիացի գաղթականի մասին յօդուածի համար, սակայն այս պատմութեան մէջ շատ տեղեկութիւններ կեղծուած են` մէջբերումները, վայրերը, դրուագները, անձինք. ամէնը կեղծ է։
Ձախողումներու շարքին կը դասուի նաեւ Ատոլֆ Հիթլերի օրագրի պաշտօնական շնորհանդէսը, որմէ օրեր անց գերմանական «Stern» պարբերականը յայտարարեց, որ գիրքերը կեղծուած էին։
Շփիկելի խօսքով՝ ոչ բոլոր յօդուածները կեղծուած են, սակայն արդէն դժուար է յստակ նշել, թէ հրապարակուած պատմութիւններու ո՛ր մասը կը կազմեն իրական փաստերը։
Ինչպէս կը նշէ գերմանական «Tagesschau» տեղեկատուական կեդրոնը, Շփիկելը հետեւութիւններ կ’ընէ այս դէպքէն եւ կը հիմնէ փորձագիտական անկախ յանձնաժողով, որ պէտք է հաւանական ձեռնածութիւններու մասին ակնարկները քննէ, ինչպէս նաեւ հրատարակչութեան մէջ աշխատանքի ընթացքը եւ առօրեան բարելաւէ:






