ՀԲԸՄիութեան Վարժարաններ
Հայ ժողովուրդը գիտէ յարգել իր մեծամեծները, նաեւ գիտէ խոնարհիլ իր զոհերուն յիշատակին առջեւ, որովհետեւ զանոնք կը նկատէ ազգային պարտականութիւններ, այնքան ատեն որ անոնք պատուաբեր հեղինակութիւններ են ու խնկաբոյր նուիրականութիւններ:
2018ին հայ ժողովուրդը մասնաւորաբար եւ մարդկութիւնը ընդհանրապէս, կորսնցուց հայազգի աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան-արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրը, իսկ 7 Դեկտեմբեր 1988ին տարերային երկրաշարժը խլեց կեանքը շուրջ 17 հազար հայու՝ Կիւմրիէն, Վանաձորէն, Սպիտակէն եւ յարակից շրջաններէն:
Այս երկու յուզիչ իրադարձութիւններուն առիթով վարժարանիս 11րդ դասարանի աշակերտութիւնը, գլխաւորութեամբ դաստիարակչուհի Արմիկ Եաղլեանի, օրինակելի գաղափարը յղացած էին 7 Դեկտեմբեր 2018ին նշելու յիշատակները անցաւոր կեանքէն հեռացածներուն:
Պահը հոգեցունց էր, երբ աշակերտութիւնը սրահ մուտք գործեց ու տեղաւորուեցաւ իր տեղը՝ ի ձեռին ունենալով կոկիկ յայտագիր մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Արաքս Էլմայեան (հայերէնով) եւ Սելա Մարգարեան (ֆրանսերէնով), որոնք օրուան խորհուրդներուն անդրադարձան պատշաճ ու խօսուն արտայայտութիւններով՝ կարեւորելով Շառլ Ազնաւուրի մեծատաղանդութիւնը եւ կեդրոնանալով երկրաշարժի աղէտին տխուր հետեւանքներուն վրայ, որմէ ետք մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգուեցան յիշատակները ննջեցեալներուն:
Այնուհետեւ յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ յաջորդականութեամբ.
- Շառլ Ազնաւուրի կենսագրական ամփոփ գիծերը (1924-2018) ներկայացուց Մարիան Փափազեան լուսանկարային նմոյշներով
- Ազնաւուրի երգարուեստի ու կտակած ժառանգութեան մասին արտայայտուեցաւ Սէրլի Խաչատուրեան տեսերիզային ցուցադրութիւններով
- 1988ի երկրաշարժին՝ Ազնաւուրի բերած նպաստին մասին խօսեցաւ Ռոյ Կէօքճեան յուզիչ ու ցնցիչ պատկերներով
- Արաքս Էլմայեան, ընկերակցութեամբ տիկ. Ցոլինէ Էլմայեանի (դաշնամուր), հաճելի երգեցողութեամբ «Pour Toi Armenie»ն կենդանացուց
- Ազնաւուրի կոչումներն ու պարգեւատրումները պատկերազարդ գունաւորումներով ներկայացուց Վաչէ Չըլտըրեան
- Ազնաւուրի մահուան եւ յուղարկաւորութեան տեսարանները Երեւանի ու Փարիզի մէջ նկարագրեց Զոհրապ Աբրահամեան
- Նարեկ Կարապետեան (սաքսոֆոն), ընկերակցութեամբ պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի (դաշնամուր), հնչեցուցին Ազնաւուրի «La Boheme»
- Ռոյ Կէօքճեան խրոխտ ոգիով ու բուխ առոգանութեամբ արտասանեց Ազնաւուրի «Աւէ Մարիա»ն (խօսք՝ պրն. Համբիկ Մարտիրոսեանի)
- Վաչէ Չըլտըրեան, ընկերակցութեամբ պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի (դաշնամուր) եւ Համբիկ Մարտիրոսեանի (սաքսոֆոն), ապրումով երգեց Ազնաւուրի «She»ն
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ, բայց աշակերտութիւնը այնքան կլանուած եւ ոգեւին տարուած էր, որ չէր ուզեր բաժնուիլ տիրող ջերմ մթնոլորտէն:
Տնօրէն պրն. Արա Վասիլեան, յայտնապէս յուզուած, բայց անպայման հպարտացած իր աշակերտութեան ելոյթներէն, կատարումներէն եւ խօսքերէն, շնորհաւորեց դերակատարները եւ անոնց բերած գովելի մասնակցութիւնը այս յիշարժան նախաձեռնութեան, իսկ դաստիարակչուհի տիկ. Արմիկին բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանքը մեծապէս գնահատելի գտաւ:
Մեր աշակերտները գիտակից պատասխանատուութեամբ ու պատրաստակամութեամբ յանձնառու եղան մեծարելու արժանաւորներ եւ յարգելու յիշատակներ, ամէն առիթով երբ պատեհութիւններ կը ստեղծուին ու կը