Ստորեւ յապաւումներով կը ներկայացնենք քանատական «Նորանոր» կայքի «Սփիւռքի նախարարութեան կրճատումը նոր իշխանութիւններու վրէ՞ժն է նախկիններէն, թէ՞ արդարացուած քայլ» նիւթով հարցազրոյցը:
«Սփիւռքահայերը դէ՞մ են, թէ՞ կողմ» թեմայով երէկ կատարած հարցազրոյցին ընդառաջած է «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը, որ կայքին լրագրողուհի՝ Ազատուհի Արզումանեանին հարցադրումներուն պատասխանած է հետեւեալ կերպով.
ՆՈՐԱՆՈՐ. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախարարութեան այս տարիներու աշխատանքը, ի՞նչ իրավիճակ կը ստեղծուի փակման հետեւանքով ու ի՞նչ քայլեր պէտք է կատարէ իշխանութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.
Մուտք
Հիմնուելով հայկական, մանաւանդ աւանդական Սփիւռքի՝ սեփական պետութիւն չունենալու բարդոյթին վրայ՝ իմ համեստ կարծիքով՝ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատանքի արդիւնաբերութեան քննարկումէն անդին եւ վեր (ուր ամէն պարագայի տարբեր եւ նոյնիսկ հակասական կարծիքներ կրնան հնչել) Սփիւռքի նախարարի մը կերպարը նախ եւ առաջ ու անոր հետ սփիւռքահայու կապը «պետութիւն-քաղաքացի» հոգեբանական մերձեցում ստեղծած էր հայրենիքի հետ եւ հայրենիքն ու պետութիւնը աւելի շօշափելի եւ սրտամօտիկ դարձուցած: Աւելին ըսեմ, սփիւռքահայը «նախարարի» հանդէպ ունի իր ուրոյն ակնածանքը, որ նոյնպէս արդարացի բարդոյթի մը արդիւնքն է անշուշտ ու այդ կերպարին հետ անձնապէս շփուիլը տուեալ անհատին եսը կը շոյէր:
Կայ այլ հոգեբանական ազդակ մը եւս: Հակառակ ենթադրութիւններու՝ ամէն սփիւռքահայ չէ, որ անպայման հայրենիք այցելած է: Շատերուն համար ալ Հայաստան-հայրենիքը վերացական գաղափար մըն է: Սփիւռքի նախարարի անձը նման անձերուն համար վերջին 10 տարիներուն ծառայած է նաեւ որպէս խորհրդանիշ: Չկայ վերացական գաղափար մը, որ առանց շօշափելի խորհրդանիշի երկար ազդեցութիւն ունենայ անհատին վրայ: Պարապ տեղ չէ, որ կրօնականէն մինչեւ գաղափարական որեւէ կազմակերպութիւն խորհրդանիշներով է, որ կը գոյատեւէ իր հետեւորդներուն գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան մէջ: Երբ խորդանիշը վերցնենք, գաղափարը կը տուժէ:
Պիւտճէական Կրճատո՞ւմ
Հայաստանի նոր իշխանութեան՝ նախարարութիւններ կրճատելու, որոնց կարգին նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու որոշումին, որուն որպէս հիմնական պատճառ կը տրուի պիւտճէական կրճատում, իմ մօտ կը յառաջացնէ կարգ մը հարցադրումներ:
Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորը 132ի բարձրացնող կողմը ի՞նչ խնայողութեան մասին կը խօսի:
Այլ տեսանկիւնէ, եթէ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու թիւը ինչ-որ չափով եւ յարաբերականօրէն առնչուած է երկրի մը բնակչութեան կամ ընտրողներու թիւին հետ, ապա նախարարներու պարագային նոյնը չէ:
Գալով կրճատումի գաղափարին՝ այդ ընդհանրապէս կը կատարուի աւելորդը, նուազ պիտանին կամ անպէտքը դուրս ձգելով: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս կրնայ արդարացնել, որ իր բնակչութեան քառապատիկը սփիւռք ունեցող պետութեան մը սփիւռքի նախարարութիւնը փակուելու ենթակայ ըլլայ…: Կամ Գեղարդն ու արուեստի հսկայական ժառանգութիւն ունեցող երկրի մը մէջ մշակոյթի նախարարութիւնը պիւտճէի վրայ բեռ համարելու փորձութիւնը ունեցողները չեմ գիտեր՝ ի՛նչ կարելի է կոչել…:
Ճիշդ Սահմանում
Իսկ եթէ գործելաոճի կամ գործելադաշտի մը մասին է խնդիրը, ապա պէտք է սահմանել Սփիւռքի կամ որեւէ նախարարութեան աշխատանքային դաշտը, ինչ որ կրնայ ոմանց չափանիշով արդիւնաբերութեան հասնիլ եւ ոչ թէ փակել զայն (իմ կարծիքովս ու նշած չափանիշներովս Սփիւռքի նախարարութիւնը միշտ ալ արդիւնաւէտ էր եւ մեծ պէտք՝ իր հիմնադրութեան օրէն):
Նոր Իշխանութիւններու Վրէ՞ժ
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ՝ Աստուած չընէ, որ Սփիւռքի նախարարութեան փակուելու որոշումը որեւէ կապակցութիւն ունենայ զայն հիմնողները «պատժելու» գաղափարին հետ, որովհետեւ այդ տրամաբանութեամբ օր կու գայ, որ տուեալ կողմը կրնայ մտածել նաեւ «պատժել» այն կրպակները, որ ատենին որոշ կուսակցութեան մը դրօշները կամ այլ խորհրդանիշները ունէին իրենց ծախած ապրանքներուն շարքին:
Հայրենադարձութեան Գործակալութիւն
Կը մնայ մտածել, որ եթէ մեր ուժերէն վեր է նախարարութեան մը փակուելուն դէմ կենալ, ապա արդեօ՞ք կ’արտօնուի մեզի առաջարկել, որ, հետեւելով ու օգտուելով մեր նման սփիւռք ունեցող երկրի մը օրինակէն, նուազագոյնը գոնէ հաստատել հայրենադարձութեան մեծ գործակալութիւն մը պետական հովանաւորութեամբ, որ սկսի կարգախօսներէ հեռու, գործնականօրէն ու ամէն մակարդակի վրայ կազմակերպել մեծ մաշտաբի հայրենադարձութիւն, որպէսզի օր գայ, ուր սփիւռքը մեծաւ մասամբ հայրենադարձուի եւ հետեւաբար իրապէս անիմաստ դառնայ Սփիւռքի նախարարութեան գոյութիւնը:






