«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառի լոյսերը վառելու հանդիսաւոր արարողութիւնը: Միջոցառումին ներկայ գտնուած է նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընտանիքի անդամներուն՝ տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եւ դուստրերուն հետ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:






