«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի երէկ Պէյրութի մէջ առեւտրական խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի փորձէ 2019 թուականին նուազեցնել ելեկտրականութեան յատկացուցած գումարը 600 մլն տոլարով:
«Պէտք է հնարաւորինս նուազեցնենք ելեկտրականութեան յատկացուցած մեր գումարը»,- «Reuters» գործակալութիւնը մէջբերած է Հարիրիի խօսքը Համաշխարհային առեւտրական գագաթնաժողովի ժամանակ, որ հիմնականօրէն կը միտի երկրին մէջ լիբանանեան սփիւռքէն ներդրումներու ներգրաւուածութեան բարձրացման:
Նշենք, որ կառավարութիւնը ամէն տարի 1.5–2 միլիառ տոլար կը տրամադրէ ելեկտրականութեան ոլորտին, ինչը կը կազմէ պիւտճէի (4.5 միլիառ տոլար) տարեկան պակասորդի 40 տոկոսը:






