«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նոր կառավարութեան անդամակցութեան ցանկը եզրափակիչ ուղղումներէ կ’անցնի, մինչ կառավարութեան կազմաւորումը կը հասնի իր աւարտին:
«Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմաւորումը առհասարակ ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները եւ կողմերը պէտք է արդար ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգեն այդտեղ»,- նախագահական տեղեկատուական գրասենեակը մէջբերած է նախագահ Միշէլ Աունի խօսքը Պաապտայի պալատին մէջ այցելուներուն հետ հանդիպումին:






