Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

ԳՈՅԺ. ԴՈԿՏ. ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԷՔՃԵԱՆի

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Լիբանանի Սանուց Միութեան վարչութիւնն ու անդամները եւ համայն մելգոնեանցիները կը գուժեն Հաստատութեան նախկին ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի, պատմաբան՝

ԴՈԿՏ. ԱԳԱՊԻ ՆԱՍԻՊԵԱՆ-ԷՔՄԷՔՃԵԱՆի

մահը, որ պատահած է Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կիպրոսի մէջ:

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:

************************************************************************************************************************

Կենսագրական Գիծեր

Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան

Ծնած է Լիմասոլ, Կիպրոս: Նախակրթութիւնը ստացած է Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Մելոգնեան Կրթական Հաստատութիւն, որուն Վարժապետանոցի բաժինէն շրջանաւարտ եղած է 1947-ին:

Համալսարանական ուսումը ստացած է Միացեալ Թագաւորութեան տարբեր համալսարաններէն. «Պսակաւոր Արուեստից» վկայականի տիրացած է Լոնտոնի Համալսարանէն, «Մագիստրոս Արուեստից»՝ Կլասքոյի Համալսարանէն: 1982-ին, Օքսֆորտի Համալսարանէն տիրացած է Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճանին, պաշտպանելով “Britain and the Armenian Question 1915-1923” (Բրիտանիա եւ Հայկական Հարցը 1915-1923) թեզը, որ ունեցած է երեք հրատարակութիւն՝ 1984-ին եւ 1985-ին, իսկ հայերէն թարգմանութեամբ՝ 1994-ին:

1951-էն 1975 (ընդմիջումներով), Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն ներս դասաւանդած է աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն դասանիւթերը: 1985-էն 1988 վարած է Մ. Կ. Հաստատութեան տնօրէնուհիի պաշտօնը:

Տարբեր տարիներ եղած է Ազգային Առաջնորդարանի Աղքատախնամ մարմնին եւ Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Նիկոսիոյ մասնաճիւղի Տիկնանց վարչութեան ատենապետուհին: Վեթերան անդամ է Հ. Բ. Ը. Միութեան:

1984-էն 2006, պատմագիտական, կրթական եւ ընկերային նիւթերով զանազան դասախօսութիւններ տուած է Լոնտոնի, Նիկոսիոյ, Երեւանի, Աթէնքի, Հալէպի, Գահիրէի, Դամասկոսի, Ռովանիէմի (Ֆինլանտիա), Ժընեւի, Փուաթիէի (Ֆրանսա), Լոս Անճելըսի եւ Պէյրութի մէջ:

Կրթական եւ մշակութային գործունէութեան համար 1997-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ շքադրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իսկ 2003-ին, ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ՝ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով:

Մահացած է 21 Դեկտեմբեր 2018-ին, Կիպրոսի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին