Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, Նոր տարուան եւ Ս. ծննդեան տօներուն առիթով այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն»ի որբերուն, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Գայիանեան քոյրերուն կողմէ:
Նորին Սրբութիւնը աշակերտութեան հետ ժամանակ անցուց, լսեց Նոր տարուան ու Սուրբ ծննդեան՝ մանուկներուն կողմէ իրեն համար պատրաստուած յատուկ երգերն ու արտասանութիւնները եւ աւարտին անոնց նուէրներ բաժնեց:






