Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Սփիւռքահայ կուսակցութիւններու դերը ներկայիս

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սփիւռքահայ կուսակցութիւններու ծնունդը կ՚երկարի ետ, մինչեւ 1800-ական թուականները, ուր հայ ժողովուրդը, իր պատմական հայրենիքին մէջ, ներառեալ արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստաններ եւ ինչու չէ, նաեւ Արցախ, զարթօնքի շրջան մը կ՚ապրէր 19-րդ դարուն, մեծապէս ազդուած ըլլալով եւրոպական երկիրներու զարթօնքի շրջաններու շարժումներէն: Մինչեւ համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակաշրջան, կրնանք ըսել, թէ բազմաթիւ էին այդ կուսակցութիւններու թիւը, առանց նկատի առնելու անոնց անդամակցութիւնը (նման այսօրուան Հայաստանի կուսակցութիւններու թիւին), որոնց մեծամասնութիւնը պիտի լուծուէր, անհետանար կամ միանար այլ աւելի հզօր եւ բազմանդամ կուսակցութիւններու: Համաշխարհային առաջին պատերազմէն եւ մանաւա՛նդ հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, երբ արդէն կորսնցուցինք մեր հայրենիքին մեծ մասը, ստեղծելով Արեւելեան Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան զանգուածներ աշխարհի տարածքին, Սփիւռքի հրապարակին վրայ մնացին չորս գլխաւոր կուսակցութիւններ՝ համայնավար, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնները, որոնք տարին հայապահպանման տարբեր տարողութիւններու աշխատանքներ, բոլորը՝ իրենց գաղափարախօսութիւններու եւ ծրագիրներու ծիրէն ներս: Այսօր, այդ կուսակցութիւններէն կը մնան միայն վերջին երեքը, որոնք կը տատանին իրենց գոյութիւնը պահելու յամառ ջանքերով, օրըստօրէ սպառելով իրենց նիւթական եւ մարդկային ներուժը:

Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական արտահերթ ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքներուն տեղեակ ենք բոլորս: Սփիւռքահայ որեւէ կուսակցութիւն չկարողացաւ մուտք գործել Ազգային ժողով: Պատմութեան համար, կրնանք յիշել թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունէր գործօն մասնակցութիւն եւ գերակշիռ ներկայութիւն Հայաստանի առաջին նախագահին օրով, Ազգային ժողովին մէջ, սակայն կորսնցուց այդ բոլոր առաւելութիւնները երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու իշխանութիւններու տարիներուն: Պարագան համարեա նոյնն էր Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան համար: Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը սակայն ունեցաւ հակառակ պատկերը անոնց, ունենալով ներկայութիւն երկրորդ եւ երրորդ իշխանութիւններու ժամանակաշրջանին:

Այսօր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական ընտրութիւններուն արդիւնքով, ո՛չ մէկ սփիւռքահայ (դասական) կուսակցութիւն ներկայութիւն ունի այնտեղ: Արդեօ՞ք Հայաստանի եւ սփիւռքահայ կուսակցութիւններու ճանապարհները բաժնուեցան տարբեր ուղղութիւններով Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան պատճառով եւ Հայաստանը որդեգրեց նոր ուղի եւ ընթացք, մէկդի շպրտելով ժողովուրդին անբաղձալի եւ անժամանակակից կուսակցութիւնները:

Պատճառներ որոնելը մեզ կրնայ տանիլ հազար ու մէկ ենթադրութիւններու, որոնք հաճելի չեն կրնար թուիլ կարգ մը սփիւռքահայ կուսակցական ղեկավարութիւններու քիմքերուն, որոնք տակաւին կը յամառին իրենց դիրքերուն, անհատական շահամոլ նպատակներուն եւ կարծիքներուն վրայ, ոտնձգելով կուսակցութեան ուղեգիծ եւ անտեսելով անկումի երթին ճանապարհ ելած իրենց պատկանած կուսակցութիւնը, յանուն իրենց անձին:

Համաշխարհային առումով, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործօն կեանքը կը տարուբերի 100 տարի, եթէ անշուշտ անոնք մնան իրենց սկզբնական սովորութիւններուն, գաղափարներուն եւ ծրագիրներուն վրայ: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար 100 տարեկան օրէնք մը կիրարկել ներկայ դարուս նոր սերունդի երիտասարդ տարրի մը վրայ, մանաւանդ երբ գործադիր անձը անտեղեակ է նոյնիսկ ներկայի արդի զարգացումներէն:

Գլխաւոր հարցը կը կայանայ նաեւ ինքնաբարեփոխման եւ ժամանակակից զարգացման ազդակներու, նորանոր աւիւններու ներդրման վրայ, որոնք կուսակցութիւն մը պիտի տանին դէպի ապագայ առանց տուայտանքի եւ անհատական ձգտումներու:

Եւ այդպէս եղաւ Հայաստանի իշխանափոխութեան պարագային:

Նոր սերունդի ներկայացուցիչներ եւ համայն հայ ժողովուրդ մը  այսօր նախընտրեց որդեգրել ժողովրդավարութեան ուղեգիծ, իշխանութիւններու եւ կուսակցութիւններու բարենորոգման կարգով, վանելու համար նախկին իշխանաւորներուն անհատական, աւատապետական նեխած եւ անժամանակակից մենատիրութիւնը, խոստանալով՝ առանց փոխարինելու զայն մէկ այլ մենատիրութեամբ:

Այժմ, սփիւռքահայ կուսակցութիւնները կը կանգնին երկու ճանապարհներէն մէկուն ընտրութեան եզրին. մին՝ տանելու Հայաստանի հետ գործակցելու, իսկ միւսը՝ մեզ կրկին տանելու սովետական ժամանակաշրջանի յարաբերութիւններու բարդոյթին: Այսօ՛ր, եւ ո՛չ վաղը, անոնք հաստատակամ որոշելու են հայանպաստ այն ճանապարհի ընտրութիւնը, ուր կը կարօտի մէկ փոքր աշխատանք, ջանք եւ զարթնում իրենց թմբիրէն, նորոգելու, բարեփոխելու եւ զարգացնելու համար իրենց հինաւուրց ծրագիրները, ձերբազատուելով մենատիրական եւ տիրապետական ձգտումներէ: Զարգացնել եւ դարձնել ժամանակակից իրենց գաղափարախօսութիւնները, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, հայապահպանման եւ հայրենական ծիրէն ներս, թօթափելով հինը, նոյնիսկ անհատներու առումով, ներդնելով նորը, նոր սերունդը:

Ապա թէ ոչ, անոնք ուղղուած են դէպի ուծացում եւ կորուստ:

Սիրելի սփիւռքահայ կուսակցութիւններու ղեկավարներ, ժամանակն է կիրարկելու այն նոյն Թաւշեայ յեղափոխութիւնը ձեր ներքին ծալքերուն մէջ:

Մաղթելով բարին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին