«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին աւանդական մեծ մամլոյ ասուլիս ունեցած է տարուան արդիւնքներուն շուրջ: Միջոցառումը ընթացած է Մոսկուայի Միջազգային առեւտուրի կեդրոնին մէջ: Ան առաջինն է ընթացիկ տարուան Մայիսին նոր ժամկէտով պետութեան գլխաւոր պաշտօնին Փութինի ընտրուելէն ետք եւ 14րդը՝ 2001 թուականէն ի վեր: Մամլոյ ասուլիսը ուղիղ եթերով կը հեռարձակեն ռուսական հեռուստաալիքները, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:
Ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, այս անգամ առաջնահերթ կ’ըլլան տնտեսութեան հարցերը եւ միջազգային հիմնախնդիրները, այդ կարգին՝ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: «Թեմաներու շարքին են, ի հարկէ, երկրի ներքին տնտեսութիւնը եւ մեր տնտեսութիւնը միջազգային բաւականին անբարենպաստ իրադրութեան»,- նշած է ան ՆՏՎին տուած հարցազրոյցին:
Ներկայիս մամլոյ ասուլիսը արդէն մրցանշային դարձած է հաւատարմագրում ստացած լրագրողներու թուաքանակով՝ 1702: 2001 թուականին առաջին նման միջոցառումին եկած էր շուրջ 500 թղթակից: 2017 թուականին Փութինի ասուլիսին հրաւէր ստացած էր 1640 թղթակից:
Մամլոյ ասուլիսը մեծ կ’անուանուի ոչ միայն մասնակիցներու թուաքանակի, այլեւ անոր տեւողութեան առումով: Ամենակարճատեւը՝ 1 ժամ 35 վայրկեան, եղած է լրագրողներուն հետ նման ձեւաչափով Փութինի հանդիպումը 2001 թուականին, ամենաերկարատեւը՝ 4 ժամ 40 վայրկեան՝ 2008 թուականի մամլոյ ասուլիսը: Անոր տեւողութիւնը կախուած է բացառապէս նախագահէն:






