«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Հըզպալլա կուսակցութեան «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խորհրդարանական պլոքը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի շուտով՝ ըսելով, որ իր նախարարները առաջնահերթութիւն պիտի համարեն կեղտոտութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարը:
«Յառաջիկայ կառավարութիւնը պիտի դիմակայէ շարք մը մարտահրաւէրներ, մասնաւորաբար տնտեսական անյուսալի իրավիճակի պարունակին մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ բացառապէս տարբեր ոլորտներու զարգացման, պակասորդի նուազեցման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման»:






