Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

«Հայաստանի Մէջ Սուրիահայերու Ներգրաւուածութեան Փորձառութիւնը. Խնդիրներու Յաղթահարման Համակարգերը․․․» (լուսանկարներ)

 «Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ 17 –

Հարցազրոյց՝ ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան Եւ Ազգագրութեան Հիմնարկի Սփիւռքի Հետազօտութիւններու Բաժնի Գիտաշխատող, Phd Ուսանող Լուսինէ Տանաջեանի Հետ

Զրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ  ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 Ըստ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկութիւններուն՝ 2012ին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է  5026, 2013ին՝ 4150, 2014ին՝ 1531 սուրիահայ: Ընդհանուր առմամբ, 2012-2014 թուականներուն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 10707 սուրիահայ: 2013-2014 թուականներուն 220 սուրիահայ ձեռք բերած է ժամանակաւոր (1 տարի), 155ը՝ մշտական (5 տարի) եւ 390ը՝ յատուկ կարգավիճակ (10 տարի): Սփիւռքի նախարարութեան մէջ առկայ տեղեկութեան համաձայն` 2018ի դրութեամբ Հայաստան կը բնակի շուրջ 22,000 սուրիահայ, որոնց մէկ մասը անընդհատ շարժումի մէջ կը գտնուի։

ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնի գիտաշխատող, PhD ուսանող Լուսինէ Տանաջեանը Բաց հասարակութեան հիմնադրամներՀայաստանի ամբողջական ֆինանսական օժանդակութեան շնորհիւ՝ «Քաղաքականութեան կրթաթոշակներ» ծրագրի ծիրէն ներս հետազօտութիւն կատարած է՝  ներկայացնելով ու վեր հանելով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու ներգրաւուածութեան խնդիրները, անոնց յաղթահարման ուղղութիւնները։

2011էն սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով սուրիահայերու զանգուածային ներհոսքը Հայաստան, բնակաբանար, չէր կրնար իրեն հետ շարք մը խնդիրներ յառաջ չբերել։ Հետազօտութեան հեղինակ Լուսինէ Տանաջեանի կարծիքով՝ Հայաստանը գործնականօրէն պատրաստ չէր ապահովելու պայմաններ ներգաղթեալներու կազմակերպուած ներհոսքի եւ հետագայ զարգացումներուն, ընկերային համակարգին մէջ անոնց ներառման համար: Հայաստանի մէջ սուրիահայերու խնդիրները բազմազան են՝ աշխատանքային, ընկերամշակութային, տնտեսական եւ այլն։

Լուսինէ Տանաջեանը իր հետազօտութեան մէջ սուրիահայերը պայմանականօրէն բաժնած է երեք խումբի՝ Հայաստան հաստատուած, Սուրիա վերադարձած եւ այլ երկիր արտագաղթած։ Իր կարծիքով՝ Հայաստանը ներգաղթի վերաբերեալ օրէնքներու հարցին մէջ կը թերանայ, օրէնսդրական բաց կայ, ինչպէս նաեւ ներգաղթեալները ընկերային համակարգին ներառելու խնդիրներու լուծման ուղիներն ու ծրագիրները երկարաժամկէտ են։ Հետազօտութիւնը կատարուած է մի քանի եղանակով՝ չկառուցքաւորուած հարցազրոյց-հարցումներ, փորձագիտական հարցազրոյցներ ու յաջողած դէպքերու ուսումնասիրութիւններ։

«Զարթօնք»ը հայրենիքի մէջ» խորագրով հերթական հարցազրոյցը, ուր աւելի մանրամասն կը խօսինք սուրիահայերու յիշեալ խնդիրներուն, անոնց լուծման ուղիներուն ու պետական աջակցութեան մասին, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնի գիտաշխատող, PhD ուսանող Լուսինէ Տանաջեանի հետ է։

Յարգելի Լուսինէ, շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար։ Կ’ուզեմ խօսիլ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները Հայաստանի մէջ» անուանումով Ձեր զեկոյցին մասին, որ վերջերս հրապարակած էք։ Ուսումնասիրելով զեկոյցը, որ Հայաստանի ընկերային եւ այլ ոլորտներու ընդհանուր համակարգին սուրիահայերու ներառման խնդիրներուն մասին է, իմ մօտս հարցեր յառաջացած են։ Նախ ի՞նչ եզրակացութեան եկած էք, եւ, խնդրեմ, կրնա՞ք ըսել զեկոյցը պատրաստելու ժամանակ կիրարկուած մեթոտները։ Ի՞նչ խնդիրներ ունին սուրիահայերը Հայաստանի մէջ։

– Հիմնականօրէն միտուած եղած է միջազգային փորձի շրջագիծին մէջ ներկայացնել սուրիահայերու՝ ընկերային համակարգին ներգրաւուածութեան խնդիրները եւ մշակել քաղաքականութիւն, առաջարկներ, որոնք կը նպաստեն այդ խնդիրներու լուծման։ Այս պարագային պէտք է նշեմ, թէ ինչո՛ւ թեման արդիական է։

Գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները նպաստած են սուրիահայերու յիշեալ խնդիրներու լուծման՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ՄԱԿի գաղթականներու գրասենեակը։

Շա՞տ են այսօր սուրիահայերը, որ աշխատանքի խնդիր ունին։

– Շատ-շատ են։ Աշխատանքի խնդիրը ամենակարեւորն է։ Մեր հետազօտութեան մէջ մէկ բան ակնյայտ է. եթէ տնտեսական ծիրը հիմք ընդունինք, ապա կը տեսնենք, որ արտագաղթի միտումին համար հիմնական գործօնը աշխատանքի խնդիրն է։ Որեւէ պարագայի, եթէ անոնք աշխատանք ունենան Հայաստանի մէջ, ապա պատրաստ են ներառուելու, ընդգրկուելու ընկերային համակարգին մէջ։ Շատ պնդումներու համաձայն՝ իրենք չեն ուզեր նորէն երրորդ երկիր երթալ, ստեղծել նոր տուն։ Չակերտաւոր թէ տրամաբանականօրէն, միեւնոյնն է, սա իրենց հայրենիքը կը համարուի։ Սա առանձնայատկութիւն է Հայաստանի համար, քանի որ որեւէ ներգաղթող խումբի համար ան հայրենիք կը համարուի:

Այսինքն՝ ներգաղթեալները կարելի՞ է նաեւ անուանել հայրենադարձներ։

– Ես ըսեմ, որ սա խնդիր է, հետազօտութեան մէջ ալ, որովհետեւ երբ մենք այդ խնդիրը դրինք, ուշադրութիւն դարձուցինք այն փաստին, թէ սուրիահայը ինքզինք ինչպէս կ’ընկալէ։ Եթէ դուն սուրիահայուն փաստաթուղթ կու տաս, որ ան ՀՀ քաղաքացի է, միեւնոյնն է, իր վարքը չի փոխուիր։ Իր վարքը իր ընկալումին հիման վրայ կը փոխուի, իր արտագաղթի միտումը կախուած է անկէ, թէ ան ինքզինք ինչպէս կ’ընկալէ։ Եթէ ինքզինք հայրենադարձ կը համարէ, ապա ամէն պարագայի կը փորձէ այստեղ ներգրաւուիլ ընկերային եւ այլ ոլորտներու համակարգին մէջ։ Ես չեմ կրնար առարկայական տուեալներ ըսել, թէ իրենց անձը ինչպէս կ’ընկալեն սուրիահայերը, որովհետեւ չենք հետազօտած։ Բայց անոնք, որոնք իրենք զիրենք հայրենադարձ համարած են, ամէն ձեւով կը փորձեն ներգրաւուիլ Հայաստանի համակարգին մէջ։ Անոնք, որոնք իրենց անձը որպէս գաղթական կ’ընկալեն, միեւնոյնն է, որոշ ժամանակ ետք կը լքեն Հայաստանը կամ Հայաստանը համարած են տարանցիկ երկիր՝ երրորդ երկիր երթալու համար։

Ձեր զեկոյցին մէջ անդրադարձա՞ծ էք արդեօք, թէ քաղաքակրթութիւններու բախում կամ մշակութային ցնցում տեղի ունեցած է կամ ոչ։

– Ես կը կարծեմ՝ ոչ, որովհետեւ ընկերա-մշակութային խնդիրները քիչ թէ շատ յաղթահարելի եղած են իրենց համար։ Իրենք ազգային պարունակով մեզի շատ մօտ են. սա ալ պէտք է հաշուի առնել, ունին նոյն մշակոյթը, նոյն կրօնը, նոյն ծագումնաբանական պատկանելիութիւնը։ Իրենց համար այս բաւականին հեշտ ու դրական եղած է։ Օրինակ՝ տօներ նշելու առումով դրական փորձառութիւն կայ։ Այստեղ իրենք սկսած են նշել այնպիսի տօներ, զորս չէին նշեր Սուրիոյ մէջ։ Մշակութային ոլորտի իրենց ունեցած դրական փորձառութիւնը կը փաստէ, որ իրենք այստեղ սեփական ինքնութիւնը պահպանելու խնդիր չունին։

Զեկոյցի ստեղծման ի՞նչ գործիքակազմ օգտագործած էք: Ի՞նչ մեթոտներով կազմուած է զեկոյցը։

– Հիմնականօրէն եղած են չկառուցքաւորուած հարցազրոյց-հարցումներ, փորձագիտական հարցազրոյցներ ու դէպքի ուսումնասիրութիւններ։ Դէպքի ուսումնասիրութիւնները ընդհանուր առմամբ տնտեսական յաջողակ դէպքերու մասին եղած է։ Չկառուցքաւորուած հարցազրոյց-հարցումները սուրիահայերու տարբեր խումբերուն միջեւ հարցումներ եղած են։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է այն հանգամանքին, թէ տուեալ անձը ներգրաւուած եղա՞ծ է ինչ-որ հասարակական կազմակերպութեան, թէ ոչ։ Սա կարեւոր է այն առումով, որ այդտեղ իրենք հիմնականօրէն եղած են տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ եւ այստեղ ներառուած են ու այդ ձեւով կը փորձեն լուծել ընկերային համակարգի ներգրաւուածութեան խնդիրները։ Մեր առաջարկներէն մէկն ալ այն է, որ հասարակական կազմակերպութիւնները գործակցին իրարու հետ։ Օրինակ՝ սուրիահայերու հասարակական կազմակերպութիւնները, եթէ գործակցին Հայաստանի ՀԿներուն հետ, կը յաջողին հարցը լուծել, ոչ թէ առանձնացնել։ Վերջ ի վերջոյ, անոնք բոլորն ալ գրեթէ նոյն խնդիրները ունին, ինչ հայաստանցիները։ Բայց պէտք է ըսեմ, որ սա ալ մէկ ուրիշ խնդիր էր, երբ տեղեակ չէին, թէ Հայաստանի մէջ ի՞նչ խնդիրներ կան։ Իրենք երազային հայրենիքի պատկերով եկած էին այստեղ ու առաջին բախումը այս խնդրով տեղի ունեցաւ։ Իրենք կարծրատիպային մտածողութեամբ եկած էին, որ հայրենիքը երազային երկիր է, ուր իրենց բոլոր հարցերը կրնան լուծուիլ։

Իսկ քաղաքական ներգրաւուածութեան հետ կապուած ի՞նչ պատկեր ունինք։

– Հետազօտութեան մէջ հիմնականօրէն շատ չեմ անդրադարձած այդ հարցին։ Բայց մէկ փաստ արձանագրենք, որ յեղափոխութենէն ետք երիտասարդներու քաղաքական մասնակցութիւնը բաւական աճած է։ Ես յեղափոխութենէն ետք ստուգիչ ձեւով փոքրիկ հետազօտութիւն կատարեցի եւ կրնամ  փաստել այս մէկը։ Այն փաստը, որ արդէն Սփիւռքի նախարարութեան կամ տարբեր այլ գերատեսչութիւններու մէջ կան սուրիահայեր, կ’ոգեւորէ զիրենք։ Սուրիոյ մէջ, օրինակ, քաղաքական այդպիսի մասնակցութեան մասին չէին կրնար մտածել, համայնքէն մէկ-երկու հոգի ներգրաւուած էին քաղաքական համակարգին մէջ։

Հետազօտութենէն ու զեկոյցի հրապարակումէն ետք ի՞նչ եզրակացութեան եկած էք ու ի՞նչ առաջարկներ ունիք Հայաստանի մէջ սուրիահայերու՝ տարբեր ոլորտներու ներգրաւուածութեան հարցերը լուծելու համար։

– Պիտի խօսիմ կարեւոր մէկ-երկու առաջարկի մասին։ Նախ առաջարկները երկու ուղղութեամբ եղած են։ Առաջինը ներառած ենք ներգաղթի քաղաքականութեան փաստաթուղթի մշակման հարցը, միւսը՝ սուրիահայերու՝ տարբեր ոլորտներու ներգրաւուածութեան խնդիրները։ Կարելի է, օրինակ, դրամաշնորհային ծրագիրներ մշակել, ինչը կը ներառէ թէ՛ սուրիահայերը, թէ՛ հայաստանցիները: Ես վստահ եմ՝ ոչ թէ իրենց աջակցելու ծրագիրները պէտք է գործեն, այլ զիրենք ներառելու։ Մենք գիտենք, որ կը կազմակերպուի տարբեր ցուցահանդէս-վաճառքներ, որոնք միտուած են աջակցելու։ Բայց այս պարագային, երբ ցուցահանդէս-վաճառքներու ժամանակ հայաստանցիի կողքին չի կանգնիր սուրիահայը, փորձի փոխանակում չի կատարուիր, արդէն ընկերային ներգաւուածութեան բացակայութեան հետ գործ ունինք։ Սա ուղղակի տուեալ պահի համար աջակցութեան ծրագիր է։ Առաջարկներու միւս համախումբը, որ ուղղուած է ներգաղթի քաղաքականութեան փաստաթուղթի մշակման, առաջին հերթին պէտք է պետութիւնը ունենայ գաղթականներու  քաղաքականութիւն։ Պէտք չէ առանձնացնենք գաղթականներ, հայրենադարձներ եւ այլն։ Անոնք բոլորն ալ ունին նոյն տիպի խնդիրները։ Պէտք է յատուկ հետազօտութիւններ կատարուին ու համապատասախան տեղաբաշխումի գործընթացը տեղի ունենայ, որպէսզի չունենանք այն խնդիրը, ինչը առկայ է հիմա։ Այսօր սուրիահայերու մեծ մասը կեդրոնացած է Երեւանի մէջ։ Այդ տեղաբաշխումի խնդիրը պէտք է լուծուի ըստ մասնագիտական, տնտեսական ներուժի, որ ունին սուրիահայերը։

Ձեր հետազօտութեան մասնակից սուրիահայերը հիմնականօրէն կը նախընտրե՞ն բնակութիւն հաստատել Երեւան:

https://ragmamoul.net/hy/adlp-e-books/?fbclid=IwAR3gkl8JEL82TzRJcAHt_AMd3EgSBfqTl3qCNs4QtsfaHUZVX7Yq1CslDwc

– Գիտէ՛ք, անոնց մեծ մասը քաղաքաբնակներ են ու բնականաբար աւելի հեշտ է այդտեղ ներգրաւուիլը։ Ահաւասիկ սա է խնդիրը: Երբ մենք կը խօսինք տեղաբաշխումի խնդիրին մասին, կարելի է զանոնք տեղաբաշխել մարզային քաղաքներուն մէջ, ուր նոյնպէս իրենց կարիքը կայ ու մշակոյթի փոփոխութեան կարիք կայ։ Ես կը կարծեմ՝ առաջին հերթին պէտք է միջգերատեսչական մօտեցում ցուցաբերուի այս խնդիրին։ Ներգաղթի քաղաքականութիւնը պէտք է ներառէ միջգերատեսչական մօտեցում, ուր ներառուած կ’ըլլան երեք ոլորտները՝ միջազգային, հասարակական ու պետական։ Իրենց համաձայնութեամբ պէտք է իրականացնել ծրագիրները, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ։ Կը փափաքիմ, որ նմանատիպ հետազօտութիւնները շատ ըլլան։ Որքան ալ կարճ էր ժամանակը, այնուամենայնիւ, մենք միջազգային փորձի ծիրէն ներս փորձեցինք դուրս բերել մեր ռազմավարութիւնները։ Վերջին 100 տարուան ընթացքին կը տեսնենք, որ քանի խումբ ընդունած ենք, որքանո՛վ դրական եղած է եւ այլն։ Սուրիահայերու դէպքը թոյլ կու տայ մեզի սկիզբէն մինչեւ վերջ դիտարկել ու դուրս բերել համակարգերը, որոնցմով կարելի է զիրենք ներգրաւել հայ հասարակութեան մէջ։ Այդ համակարգերը պէտք է ըլլան ճկուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր խումբի հետ աշխատելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել անոնց առանձնայատկութիւնները։

Շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար․․․

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին