Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հայաստանը Մեր Ռազմավարական Գործընկերն է Տարածաշրջանին եւ Աշխարհի Մէջ. Փութինը՝ ՀՀ-ՌԴ Յարաբերութիւններուն Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանը ՌԴ ամենամտերիմ գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ամենամեայ մամուլի ասուլիսին ժամանակ յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ «Ռուսիան ինչպէս կը  պատրաստուի վերականգնել քաղաքականութիւնը Հայաստանի հետ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք»:

«Մենք չունինք որեւէ բան, որ քանդուած է եւ կարիք ունի վերականգնման: Հայաստանը մեր ռազմավարական գործընկերն է տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ, ՀԱՊԿ եւ ԵԱՏՄ անդամ է: Մենք պէտք է զարգացնենք այն, ինչ ունինք»,- յայտարարած է Փութին:

Ան ընդգծած է, որ  հայ ժողովուրդը ՌԴ մտերմագոյն գործընկերն է Հարաւային Կովկասի մէջ: «Այդպէս եղած է պատմականօրէն, այդպէս կայ եւ յոյսով եմ՝ այդպէս պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է գործենք՝ հաշուի առնելով ներկայ իրադրութիւնը աշխարհի ու տարածաշրջանի մէջ: Այս հարցերը մօտակայ ժամանակներս պիտի քննարկենք պարոն Փաշինեանի հետ, որ պիտի այցելէ յառաջիկայ շաբաթ»,- ըսած է ՌԴ նախագահը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին