Սիւննի Հըզպալլայամէտ Երեսփոխանները Համաձայնեցան Յառաջիկայ Կառավարութեան Մէջ Զիրենք Ներկայացնող Թեկնածուին Շուրջ
«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխանները համաձայնութեան եկան յառաջիկայ կառավարութեան մէջ զիրենք ներկայացնող թեկնածուին շուրջ՝ աւելցնելով, որ այս մասին պաշտօնապէս պիտի յայտարարեն այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ՝ ըստ տեղական լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն:
Մուսթաքպալ շարժումէն դուրս վեց սիւննի երեսփոխաններէն մէկուն՝ Ֆայսալ Քարամիի մօտ աղբիւրը երէկ հաղորդեց, թէ խումբը, որ յայտնի է «Խորհրդակցական համախմբում» անունով, համաձայնեցաւ, որ Ժաուատ Ատրան ներկայացնեն որպէս թեկնածու, եւ այս մասին պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան այսօր Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:






