Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆի Քոնկրեսի Ծերակոյտը Համաձայնեցաւ Եօթը Շաբաթով Երկարաձգել Կառավարութեան Ֆինանսաւորումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի քոնկրեսի ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է պիւտճէի մասին օրինագիծին, ինչը եօթը շաբաթով կը յետաձգէ կառավարութեան շարք մը հիմնարկութիւններու աշխատանքի դադրեցումը: Դեկտեմբեր 19ին այս մասին յայտնած է «The Hill» թերթը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: 
Օրինագիծը մինչեւ Փետրուար 8 կ’երկարաձգէ շարք մը գերատեսչութիւններու, այդ կարգին՝ պետական, արդարադատութեան նախարարութեան, ներքին անվտանգութեան նախարարութեան, առեւտուրի նախարարութեան ընթացիկ մակարդակով ֆինանսաւորումը: Այժմ ուժի մէջ մտնելու համար անոր պէտք է հաւանութիւն տայ նաեւ ԱՄՆի քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը, իսկ այնուհետեւ անիկա պէտք է ներկայացուի նախագահ Տոնալտ Թրափի ստորագրութեան, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին