Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

ՍԻՐԱԼԻՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ՝ ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2018-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն ներս կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի։ Ներկայ էին Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանը եւ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, հոգեւորականաց դասը, բարերարներ, ազգային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ։

Իր բարի գալուստի խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Պատրիարքը եւ վեր առաւ անոր քաջարի կեցուածքն ու սկզբունքայնութիւնը։ Ապա խօսելով Հայ Երուսաղէմի մասին, Սրբազանը կարեւորեց Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան առաքելութիւնը եւ դերակատարութիւնը, որ ոգի ի բռին եւ նախանձախնդրութեամբ կը պահպանէ ու տէր կը կանգնի սրբատեղիներուն։

Յովնան Սրբազանը ի պաշտօնէ յայտարարեց, որ այսօր հիմքը կը դրուի «Սրբոց Յակոբեանց Ասպետներ» (Knights of Saint James) Հիմնադրամին, որուն նպաստը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։

Թեմակալ Առաջնորդին խօսքէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սիրալիր ընդունելութեան համար։ Նուրհան Սրբազանը անդրադարձ կատարեց Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն մասին եւ կարեւորեց այն իրողութիւնը, որ այսօր հայութիւնը Երուսաղէմի մէջ հաւասար իրաւունքներ ունի թէ՛ Հռոմի եւ թէ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներուն նման։ Ան կոչ ուղղեց եւ հրաւիրեց հաւատացեալները՝ այցելելու Երուսաղէմ, վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ աղօթք բարձրացնելու տէրունի սրբավայրերուն մէջ։

Պատրիարք Հօր խօսքէն ետք, ներկաները մօտեցան Նուրհան Սրբազանին՝ անոր օրհնութիւնը ստանալու եւ զրուցելու համար։ Պատրիարք Հայրը պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն եւ հաւատացեալները Երուսաղէմի մէջ տեսնելու մաղթանքով՝ հրաժեշտ տուաւ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին