Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Մահախօսական. ՀՐԱԺԵՇՏ ՎԱՀԱՆ ՈՍԿԵԱՆԻՆ

ԹՄՄ-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ատենապետ Բարսեղ Գարթալեանի խօսքը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին,

Արժանապատիւ քահանայ հայրեր Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տէմիրճեան, Տ. Մանուկ Ա. Քհնյ. Մարգարեան, Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, սգակիր բարեկամներ,

Մեծ տխրութիւն է որ պատած է մեր էութիւնը այս պահուն։ Վահանը մեզ հետ չէ այլեւս ու եկած ենք հրաժեշտ տալու մեր թանկագին ընկերոջ, հարազատին։

Վահանին շիջումը հսկայ բաց մը կը թողու մեր անձնական ու հաւաքական կեանքին մէջ։ Վաղաժամ էր իր շիջումը, շատ վաղաժամ, տակաւին շատ ընելիք ունէր ան։

Ոսկեան էր մականունը եւ ինք իսկական ոսկի էր իր համեստութեան, ծառայասիրութեան եւ մանաւանդ վստահելիութեան մէջ։ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը յատուկ տեղ ունէր իր սրտին մէջ։ Գուրգուրաց Միութեան վրայ, որպէսզի ԹՄՄ-ը կարենայ առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլայ շատերուն։

Երկարամեայ գանձապահն էր ԹՄՄ մեր Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղի վարչութեան, միշտ ներկայ, միշտ ժպտուն, միշտ լաւատես ու քաջալեր լաւին ու բարիին, միշտ պատրաստ օգնելու բոլորին։ Մարդասէր ու ընկերասէր, Վահանին մօտ էին սիրոյ բոլոր ստորոգելիները– ընտանիքը սիրող, ընկերասէր բայց մանաւանդ մարդասէր։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընտանիքին համար մեծագոյն ուրախութիւնը եղաւ, երբ Մարալը ընտրեց որպէս իր կեանքի ընկերը։ Մանաւանդ ինծի համար կրկնակի ուրախութիւն էր զիրենք միացած տեսնել, որովհետեւ իրենց պատանեկութեան ակումբային տարիներէն տեսած էի իրենց հասակ առնելը։ Վստահ էի, որ իրենց ազգային կրթութիւնը բարի պտուղ պիտի տար։ Չէի սխալած. ընտանիք կազմելով, Վահանը եւ Մարալը շարունակեցին իրենց բացառիկ ազգանուէր գործունէութիւնը իրենց տունը սիրայօժար յաճախ բանալով միութենական գործունէութեան առջեւ։ Մարալին հետ, Վահան արդարօրէն հպարտ էր իրենց զաւակաց Վայքին, Վանին եւ Վաչակին ուսումնական, մշակութային, գեղարուեստական ու մարզական յաջողութիւններով։

Իր կեանքին կիզակէտը եղաւ Մարալը, որ ոչ միայն տիպար մայր ու կողակից՝ այլ Վահանին առողջական վիճակին վատթարացման ընթացքին, եղաւ անոր իսկական պահապան հրեշտակը, արիաբար կուրծք տալով ամէն դժուարութեանց, բայց դժբախտաբար կորսնցնելով մարտը ու Վահանը։

Վահանին մարմինն է որ տեղի տուաւ, բայց ոչ հոգին։ Ու այժմ որ իր հոգին կը խայտայ երկնքի պայծառ կապոյտին մէջ, ես վստահ եմ, որ հոն եւս ակումբ մը պիտի հաստատէ բարի գործի համար։

Վահան մասնագիտութեամբ ելեկտրագէտ էր։ Իր մատներէն միշտ ալ լոյս հոսեցաւ։ Արդեօք բանաստեղծ Վահա՞նն ալ ի մտի ունէր երբ կը գրէր. «Թող մատներէդ յորդին սերմեր լուսեղէն»։ Վահանին լոյսը կը հոսի մեզմէ շատերուն տուներուն, գործատեղիներուն մէջ եւ այլուր։

Ամէն անգամ որ մեր բնակարաններուն մէջ ելեկտրական կոճակ մը կը սեղմենք, լոյսով կ՚ողողուի մեր տուները։ Վահանն է այդ լոյսը, իր հոգիին մաքրութիւնը ցոլացնելով։ Լոյս էր ան ու վստահ եմ որ այժմ լոյսերու մէջ կը հանգչի իր պայծառ հոգին, մօտը իր մօր Անժէլին ու հօր Մկրտիչին, Մարալին ծնողքին՝ Նորայրին ու Արաքսիին, օրհնութեամբ լեցուն իր յիշատակը ձգելով մեզ։

Ամէն գիշեր երբ մեր աչքերը կ՚ուղղենք դէպի երկինք, փայլուն աստղ մը պիտի տեսնենք, միւս աստղերէն աւելի պայծառ ու լուսաւոր։ Անկասկած այդ աստղը դուն ես, սիրելի Վահան։ Հանգիստ քու հոգւոյդ։ Յիշատակդ անմոռաց։

Հողը թեթեւ։

***

Այս տխուր պահուն, յանուն ԹՄՄ Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղին ու մեր վարչական կազմին, մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք Վահանին տիկնոջ՝ մեր սիրելի Մարալին, զաւակներուն Վայքին, Վանին եւ Վաչակին, քրոջ՝ Վիվիան եւ Պետրոս Թասլաքեան եւ զաւակներուն, եւ համայն սգակիր հարազատներուն, գաղափարի ընկերներուն ու միութենական շարքերուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին