Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Հըզպալլա Կ’ըսէ, Որ Իր Նախարարներուն Համար Առաջնահերթութիւն Պիտի Ըլլայ Ապականումի Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Երէկ Հըզպալլա կուսակցութեան «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» խորհրդարանական պլոքը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը պիտի կազմաւորուի շուտով՝ ըսելով, որ իր նախարարները առաջնահերթութիւն պիտի համարեն կեղտոտութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարը:

«Յառաջիկայ կառավարութիւնը պիտի դիմակայէ շարք մը մարտահրաւէրներ, մասնաւորաբար տնտեսական անյուսալի իրավիճակի պարունակին մէջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է նպատակաուղղուած ըլլայ բացառապէս տարբեր ոլորտներու զարգացման, պակասորդի նուազեցման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին