Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՀԱՆԳԻՍՏ ԱՐԺ. Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ.ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջերս, Նոյեմբեր 21-ին, իր երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ առաւ Տիթրոյթի 

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ երիցագոյն սպասաւոր Արժանաշնորհ Տէր Տիրան Աւագ  Քհնյ. Փափազեան, ծնած Կ. Պոլիս 1920-ին: Աւազանի անունով Կարապետ, իր հոգեւոր կրթութիւնը ստացած էր նախ 1940-ականներուն՝ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Ժառանգաւորաց վարժարանէն, ապա 1950-ականներու սկիզբը՝ Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի քահանայից բաժանմունքէն շրջանաւարտ՝ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր Տիրան Արք. Ներսոյեանի ձեռամբ կը ձեռնադրուի քահանայ: Երկար տասնամեակներէ ի վեր կը ծառայէր իբրեւ Հոգեւոր հովիւ՝ Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ:

Հոգելոյս Տէր Տիրան քահանան Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս իր ուսանողութեան տարիներուն կը վարէր նաեւ տեսչութիւնը Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի, ուր ծանօթացած եմ իրեն կրտսեր ուսուցիչի հանգամանքով: Այդ տարիներուն, Անթիլիասի Դպրեվանքէն ունէինք նաեւ Յովհաննէս Սրկ. Գասպարեան (այժմ՝ Գարեգին Քհնյ.) եւ Կարապետ Սրկ. Պետրոսեան (ԱՄՆ) իբրեւ ուսուցիչ:

Մեր Տեսուչը՝ Կարապետ Փափազեան, որ 1940-ականներուն աշակերտած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորացէն ներս Յակոբ Օշականի եւ Շահան Պէրպէրեանի, ունէր գրական ճաշակ եւ հմուտ էր հայագիտական նիւթերու:

Այդ տարիներուն՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադիր եւ ընդհանուր վարիչ տնօրէն Պրն. Լեւոն Զէնեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ յատենի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի,  յայտարարուեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու մաղթերգի մը յօրինումը, որուն առաջին մրցանակին տիրացած էր Կարապետ Փափազեան. երաժշտութիւն՝ եթովպիահայ երաժիշտ Գէորգ Նալպանտեան:

Այս քերթուածը,– իբրեւ միակ գրական ժառանգ  կը մնայ Կարապետ Փափազեանէն,–  զոր մամուլին կը յանձնենք շուրջ 70-ամեայ հեռաւորութեամբ: 

Յարգանք՝ արժանաւորին: 

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պէյրութ

 

***

ՄԱՂԹԵՐԳ

Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու

 

Կիրակնօրեայ սուրբ յարկին

Մենք սաներն ենք լուսաբաղձ,

Կայծերու պէս լուսածին

Ցայտած՝ սրտէն պերճ նախնեաց։

Ուստի քալե՛նք անխըռով,

Ո՛վ հարազատ զարմ արի,

Հաւատաւոր գընացքով

Լոյս-աղբիւրին ցանկալի։

 

Եկեղեցին սրբազգեաց՝

Ժառա՛նգ անգին, հրաշափառ,

Մեր խոյանքին վերասլաց

Թափն է խիզախ, բոցավառ,

Հայ մըշկահոտ Սըրբութեան

Բոյրովն օծած մեր հոգին

Մեր երթին մէջ յաղթական

Թումբերն ամէն պիտ՚  փըշրին։

 

Կեցցե՛ն յաւե՜րժ անսասան

Հիմնադիր եւ բարերար,

Կիրակնօրեայ լուսոյ տան

Ջահակիրներ վեհափառ։

Հնչեցէ՛ք յար ծնծղաներ

Մեր սըրտերուն ցնծագին,

Որ վա՛ռ մընայ դարե՜ր դեռ

Սըրբաճաճանչ հայ հոգին…։

 

ԿԱՐԱՊԵՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

(Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ)

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին