ՎԻՎԻԷՆ ՈՒՈԼԹ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Նոյեմբերին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ, ոգեկոչելէ ետք Ա. Համաշխարհային Պատերազմի հարիւրերորդ տարեդարձը, գործակցութեան կոչ կ՚ուղղէր աշխարհի ղեկավարներուն, միասին հարթելու համար տիեզերական դժուարութիւնները։
Ամիսը չանցած, յաջորդական երեք շաբաթներէ իվեր, Ֆրանսայի նախագահը կը դիմադրէ փողոցային աննախընթաց, բուռն եւ արիւնալի ցոյցերու, որոնց նմանը չէ տեսնուած վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին, հակառակ որ անիկա 4,600 ապահովութեան յաւելեալ օգնական ուժեր բերած էր։ Ցուցարարները յաջողած են բարձրացած պատնէշներ քանդել, եւ հասնիլ մինչեւ յաղթանակի հրապարակը, մասնակի վնասներ հասցնելով Կամարին տակ գտնուող Յիշատակի դամբանաքարին։
Մաքրոնի բարեկարգումի ճիգերուն ոչ միայն կ՚ընդդիմանան ծայրագոյն աջերն ու ձախերը, այլեւ՝ փոքր քաղաքներու ու գաւառներու բնակչութիւնը։ Մաքրոն տուրքերը բարձրացուցած էր վառելանիւթիւն վրայ, իւրաքանչիւր կելընին վրայ 17 սենթ, իսկ մազութի (քարիւղ) վրայ՝ 30 սենթ, ընդհանուր ընթացիկ գիները տարուան մէջ արդէն բարձրացած ըլլալով 16 առ հարիւրով։ Վերոյիշեալ շրջաններու բնակչութիւնը ինքնաշարժ աւելի՛ կը գործածէ տեղափոխութեան համար, եւ անոնց եկամուտները նուազ են մեծ ոստաններու բնակիչներէն։
Վերոյիշեալ դժգոհութիւնները առաջնորդեցին աւելի հիմնական առարկութեան մը։ Մաքրոն կը նպաստաւորէր հարուստները։ Անիկա յաճախած էր մենաշնորհեալ ազնուականներու վերապահուած համալսարան մը, ու դրամատնային ներդրումներու հետ առնչուած էր, երբ Տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ 2014-ին։
Կը թուի թէ քուէարկողները ընդհանուր համակրութիւն մը ունէին Մաքրոնի հանդէպ, երբ 2017 Մայիսին նախագահ ընտրուեցաւ քուէներու 68 առ հարիւր համեմատութեամբ, աջ ծայրայեղական Մարին Լը Փէնի յաղթելով։ Սակայն, վերոյիշեալ յաղթանակը աւելի արդիւնք էր ժողովրդային ընդհանուր յուսախաբութեան մը, որ յառաջացած էր տարիներու ընթացքին տիրող իշխանավարութեան հանդէպ, միաժամանակ ալ՝ աջակողմեան տիրապետութենէ խուսափելու համար։
Սակայն, Մաքրոն ալ չսիրաշահեցաւ թիկունքը միջին դասակարգին, որուն 38 առ հարիւրը տակաւին զօրավիգ կը կանգնին իրեն, ըստ Դեկտեմբեր 4-ի կատարուած քննաչափութեան մը (survey)։ Երբ իշխանութեան գլուխ անցաւ, ջնջեց պետական տուրքը, որ դրուած էր հարուստ քաղաքացիներու վրայ, որոնց եկամուտները 1,47 միլիոն տոլարէն աւելի էր։ Միւս կողմէ, բարձրացուց տուրքերը հանգստեան կոչուած անձերու եկամուտին վրայ։
Մաքրոնի բութ (blunt) վարուելակերպը, ընդհանրապէս, ա՛յն տպաւորութիւնը ձգած էր, որ անիկա հաղորդակից չէ հացի համար պայքարող քաղաքացիի իրավիճակին։ «Թայմ» շաբաթաթերթի հարցազրոյցները, ցուցարարներու հետ յայտնաբերած են, թէ Մաքրոն չի հասկնար ֆրանսացի ժողովուրդին մտահոգութիւնները, երբ, օրինակի համար, դժգոհ անգործի մը պատասխանած է, թէ դիմացի մայթը անցնելով կրնայ որեւէ սրճարանի մէջ գործ գտնել։ Ըստ տեղեկագրութեանց, Ֆրանսայի բնակչութեան 11 առ հարիւրը կը խորհի, թէ իր նախագահը հաղորդակից չէ ժողովուրդի կարիքներուն կամ պահանջքներուն։ Իսկ 10-ի վրայ 7-ն նեցուկ կը կանգնի վերոյիշեալ ցոյցերուն։
Խոր յուսախաբութիւնը մղած է ցուցարարները քանդիչ արարքներու։ Վիրաւորուած են հարիւրաւորներ, ու մահացածներու թիւը ցարդ 4 է, ըստ ոստիկանական առաջին հաղորդագրութեանց։
Թէեւ «դեղին շապիկաւոր» ցուցարարները առաջնորդուած չեն որեւէ քաղաքական կուսակցութեան մը կողմէ, ծայրայեղ աջակողմեան ղեկավար Լը Փէն, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ ձախակողմեան ղեկավար Ժան-Լիւք Մելանշոն, կոչ ըրած են ազգային Խորհրդարանի լուծարքին, ձեռնարկելու համար նոր ընտրութեանց։ Այսպէ՛ս եղած էր Մայիս 1968-ին, երբ տեղի ունեցած էին համատարած ցոյցերն ու բողոքները՝ բանուորներու եւ ուսանողներու կողմէ, եւ երբ երկրին տնտեսութիւնը ամիսէ մը աւելի անշարժութեան դատապարտուած էր։ Թէեւ, նման քայլ մը չի նախատեսեր Մաքրոնի կառավարութիւնը։
Իրապէս, ֆրանսական իշխանութեանց համար, քաղաքական դիւրին լուծում մը կարելի չէ ունենալ շարժումի մը դէմ, որ առաջնորդ չունի, պահանջքներու ցանկ մը չկայ, եւ ոչ ալ՝ աշխարհագրական խարիսխ մը։ Դեկտեմբեր 5-ին, կառավարութիւնը յայտնեց, թէ քարիւղի վրայ դրուած նոր տուրքը պիտի ջնջէ մինչեւ 2019-ի վերջը։ Սակայն, յիշեալ յայտարարութենէն քանի մը ժամեր առաջ, «դեղին շապիկաւոր»ներու ղեկավարները հրապարակեցին իրենց աւելի ընդարձակ պահանջքները, յատկապէս յիշատակելով հանգստաթոշակներու (pensions) ու նուազագոյն թոշակներու յաւելումը։
Առայժմ, նախագահ Մաքրոն կը յուսայ, որ նոր տուրքերու ջնջումը մէկ կողմէ, ու բռնութեանց նուազումը միւս կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ տօնական մօտալուտ օրերը, պիտի թեթեւցնեն ցուցարարներու թիւը։ Սակայն, իր ընտրութենէն իվեր, նախագահը ինքզինք կը նկատէր Եւրոպայի իրական յաջորդ ղեկավարը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ ծրագրած ըլլալով հրաժարիլ, 16 տարուան յաջող պաշտօնավարութենէ մը ետք։
Սակայն, Մաքրոնի ժողովրդականութիւնը 23 առ հարիւրի վրայ գտնուելով, կասկածելի կը նկատուի անոր վերընտրութիւնը 2022-ին։ Ըստ քաղաքական վերլուծաբան Էտի Ֆուժիէի, «Մաքրոնի վերընտրութիւնը կախում պիտի ունենայ երկրին տնտեսական բարելաւումէն, անգործութեան նուազումէն, ու թոշակներու յաւելումէն, եւ եթէ այլ կուսակցութիւն մը հրապուրող ղեկավար մը չներկայացնէ յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին»։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Թայմ» շաբաթաթերթ, 17 Դեկտեմբեր 2018






