Ընկ. Վահան Ոսկեանի յիշատակին
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յարգելի սգակիր բարեկամներ,
Մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Վահան Ոսկեան։ Իր անժամանակ մեկնումով մեր շրջանակը մասնաւորապէս եւ մեր համայնքը ընդհանրապէս կը կորսնցնէ իր հաւատաւոր անդամներէն մէկը, որ իր կեանքի ընթացքին նուիրուած մնաց իր ընտանիքին, իր ազգին եւ իր գաղափարին։
Ան իր կեանքին ընթացքին արժանաբար ծառայեց ՀԲԸՄ-ին, ՌԱԿ-ին եւ ԹՄՄ-ին, հաւատալով ազգային-հասարակական կեանքի գործունէութեան անհրաժեշտութեան սփիւռքի մէջ, որպէս հայ գոյատեւելու պայքարին մէջ։
Վահան հանդէս կու գար իր ազնիւ նկարագրով, մարդասէր եւ ընկերասէր բնաւորութիւնով միշտ ցուցաբերելով տղամարդու վերաբերմունք իր գործակիցներուն եւ բարեկամներուն նկատմամբ։ Իրեն համար խիստ կարեւոր էին սկզբունքը, ուղղամտութիւնը եւ նպատակասլաց աշխատանքը։ Վահան իր ետին կը թողու հսկայական ժառանգ եւ բեղուն գործունէութիւն պատմութիւն մը։
Ան միշտ հպարտ էր իր երեք հրացանակիրներով՝ Վայքով, Վանով եւ Վաչակով, որոնք շնորհալի կրթութիւն ստացան եւ դարձած են այսօր պարծանք եւ պայծառ յոյս դէպի ապագան մեր բոլորին։
ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութեան անունով, ինչպէս նաեւ «Նոր Օր»ի անձնակազմին կողմէ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Վահանի անմիջական ընտանիքին՝ թանկագին Մարալին, Վայքին, Վանին ու Վաչակին, իր քրոջ՝ Վիվիանին եւ համայն հարազատներու եւ բարեկամներու շրջանակին։
Պիտի մխիթարուինք այն համոզումով, որ Վահանը մեզի հետ էր իր աւանդով, ժպիտով եւ իր բարի գործով։
Խունկ եւ աղօթք իր յիշատակին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։






