Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի նոյնպէս, յիշատակելի ուխտագնացութեամբ մը պիտի մեկնինք դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ

Արեւմտեան Հայաստան:

Այս իւրայատուկ ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 14 օր, պիտի ներառնէ հիւրանոցները, օրական երեք անգամ ճաշ եւ անշուշտ բազմաթիւ քաղաքներու եւ

տեսարժան վայրերու այցելութիւնները:

Պիտի մեկնինք Յունիս 21-ին դէպի Հայաստան, Երեւան մայրաքաղաք (երկու

օր): Ապա Խոր Վիրապ, Նորավանք, Տաթեւ, Գորիս: Չորրորդ օրը՝ Խնձորեսկ, Շուշի եւ Ստեփանակերտ: Հինգերորդ օրը՝ Գանձասար, Տիգրանակերտ, Ասկերան եւ Ստեփանակերտ: Վեցերորդ օր Դադիվանք, Նորաթուս, Սեւան, Դիլիջան: Եօթներորդ օր Սանահին, Միկոյեան եղբայրներու թանգարան, Հաղբատ, Ախթալա, Ալավերդի: 8-րդ օր Գիւմրի, Մարմաշէն: 9-րդ օր՝ Անի, Կարս, Բերկրի, Վան: 10-րդ օր՝ Վան: 11-րդ՝ օր Պայազիտ, Իգդիր, Կարս, Երեւան: 12-րդ օր՝ Գառնի, Գեղարդ, Ծիծեռնակաբերդ: 13-րդ օր՝

Էջմիածին, Սարդարապատ, Զուարթնոց, Երեւան:

Այս ուխտագնացութիւնը պիտի ոգեւորէ մեր երիտասարդները, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելեն նշեալ վայրերը, ազգային նոր շաղկապում մը ստեղծելով Սփիւռքի եւ ՀՀ հայ երիտասարդութեան միջեւ:

Տեղերը սահմանափակ են: Արձանագրութեան համար դիմել Մաշտոց քոլէճ

հետեւեալ համարով (818) 523-3353։

Կանխավճար՝ $500 տոլար: Արձանագրութեան վերջին ժամկէտ՝ 31  Յունուար 2019:

 

ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԷՃ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին