Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ. Վահան Ոսկեանի յիշատակին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այսու կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու բոլոր մեր հարազատներուն, որոնք մխիթարեցին մեզ իրենց ցաւակացական խօսքերով, բացիկներով, հեռախօսային զանգերով ու էլեկտրոնային կապերով:

Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր մեր սիրելիներուն, ինչպէս նաեւ այն միութիւններուն, որոնք յուղարկաւորութեան օրը ծաղկեպսակներով յարգեցին Վահանին յիշատակը:

Մասնաւոր շնորհակալութիւն  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին իր մխիթարական եւ ազդեցիկ խօսքերուն համար:

Երախտագիտական մեր խօսքը՝ Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Շնորհք Աւագ Քհնյ. Տէմիրճեանին, ինչպէս նաեւ Արժ. Տէր Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեանին, Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահբազեանին եւ Բարեշնորհ Յովհաննէս Սրկ. Գումրուեանին, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին յուղարկաւորութեան՝ պատուելով մեր բոլորին սիրելի Վահանը:

Շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պրն. Պերճ Սեդրակեանին այս տխուր առիթով յղած նամակին համար:

Յատուկ շնորհակալութիւն եկեղեցւոյ մէջ թէ հոգեճաշի ընթացքին իրենց սրտի խօսքերը արտայայտողներուն՝ յանձինս Կապի Թասլաքեանին (ընտանիք), Բարսեղ Գարթալեանին (ԹՄՄ), Թալին Եագուպեանին (ՀԲԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յնձն.), Համբիկ Սինանեանին (ՀԲԸՄ Ասպետներ), Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին (ՌԱԿ), Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանին (“The Armenian Observer”), Արփի Աւանէսեանին (ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան), Առնօ Երէցեանին («Ապրիլ» գրատուն), ինչպէս նաեւ ընտանիքի բարեկամներ՝ Արա Ահարոնեանին, Տոքթ. Վարդան Թաշճեանին, Սոնիա Մինակեանին, Սօսի Վարժապետեանին, Աշոտ Տատուրեանին, Ճուլիըն Մովսէսեանին եւ Արմէն Աբրահամեանին:

 

ՈՍԿԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին