Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Հայաստանի Նորանշանակ Դեսպանը

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2018ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան պրն. Վահագն Աթաբեկեանը։

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին ընդհանուր ծանօթացումէ ետք, վեհափառ հայրապետը  կարգ մը հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեց պարոն դեսպանին, յատկապէս Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան­­-Սփիւռք գործակցութեան մասին՝ մասնաւորաբար ներկայ իրավիճակներու լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, որ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր գաղութներէն ներս զօրակցիլ դեսպանատան աշխատանքներուն։

Պարոն դեսպանը, իր կարգին, տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը դեսպանատան յառաջիկայ գործունէութեան մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն եւ իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ զօրակցութեան համար։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին