Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մեկնարկեց Փութինի Մամլոյ 14րդ Ամենամեծ Ասուլիսը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին աւանդական մեծ մամլոյ ասուլիս ունեցած է տարուան արդիւնքներուն շուրջ: Միջոցառումը ընթացած է Մոսկուայի Միջազգային առեւտուրի կեդրոնին մէջ: Ան առաջինն է ընթացիկ տարուան Մայիսին նոր ժամկէտով պետութեան գլխաւոր պաշտօնին Փութինի ընտրուելէն ետք եւ 14րդը՝ 2001 թուականէն ի վեր: Մամլոյ ասուլիսը ուղիղ եթերով կը հեռարձակեն ռուսական հեռուստաալիքները, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: 
Ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, այս անգամ առաջնահերթ կ’ըլլան տնտեսութեան հարցերը եւ միջազգային հիմնախնդիրները, այդ կարգին՝ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: «Թեմաներու շարքին են, ի հարկէ, երկրի ներքին տնտեսութիւնը եւ մեր տնտեսութիւնը միջազգային բաւականին անբարենպաստ իրադրութեան»,- նշած է ան ՆՏՎին տուած հարցազրոյցին:
Ներկայիս մամլոյ ասուլիսը արդէն մրցանշային դարձած է հաւատարմագրում ստացած լրագրողներու թուաքանակով՝ 1702: 2001 թուականին առաջին նման միջոցառումին եկած էր շուրջ 500 թղթակից: 2017 թուականին Փութինի ասուլիսին հրաւէր ստացած էր 1640 թղթակից: 
Մամլոյ ասուլիսը մեծ կ’անուանուի ոչ միայն մասնակիցներու թուաքանակի, այլեւ անոր տեւողութեան առումով: Ամենակարճատեւը՝ 1 ժամ 35 վայրկեան, եղած է լրագրողներուն հետ նման ձեւաչափով Փութինի հանդիպումը 2001 թուականին, ամենաերկարատեւը՝ 4 ժամ 40 վայրկեան՝ 2008 թուականի մամլոյ ասուլիսը: Անոր տեւողութիւնը կախուած է բացառապէս նախագահէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին