ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարուէ տարի առաւել ժողովրդական ընդունելութիւն վայելող Վեթերաններու վարչութիւնը այսօր կը բոլորէ իր 8-րդ տարեշրջանը, ներառելով “Book Club”-ի իր համարատու յանձնախումբը:
Այս տարի եւս, վարչութիւնը ձեռնարկած էր Ս. Ծննդեան եւ ամանորեայ ճաշկերոյթի մը պատրաստութեան, հովանաւորութեամբ բարերարուհի Տիկ. Անի (Տիանա) Սարգիսեանին, որ տեղի ունեցաւ 15 Դեկտեմբերին, Քալիֆորնիոյ Քանոկա Փարք քաղաքի, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Նազարեան սրահին մէջ, ի ներկայութեան աւելի քան 220 համակիրներու, բարեկամներու եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներու: Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր Տարուան տօնակատարութեանց զոյգ առիթներ ընդգրկած ձեռնարկի սոյն երեկոն կը համակէր Ծննդեան մեղեդիներով պարուրուած մթնոլորտ մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան փոխատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեան, փոխարինելով ատենապետ Օննիկ Համալեանը, որ անհանգստութեան պատճառով կազդուրման շրջան մը կը բոլորէր. սակայն իր ներկայութիւնը միշտ այնտեղ էր, ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին թէ Վեթերաններու վարչութեան մէջ, հոգւով ու մարմնով:
Պրն. Ա. Գարակէօզեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, հակիրճ կերպով ներկայացուց վարչութեան գործունէութիւնները իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, որմէ ետք սկսաւ ընթիրքի սպասարկումը:
Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան վարժարանէն շրջանաւարտ փայլուն սաներէն երկուորեակ օրիորդներ Ալեքսանդրա եւ Լիլիա Եարալեաններ, Կոմիտասէն՝ «Չինար ես» եւ «Երազ» երգերով եւ «Տրապիզոնի պար» եւ «Էլէգիա» նուագներով, հանդիսատեսներու ուշադրութիւնն ու հմայքը խլելով: Ո՛չ պակաս գրաւչութեամբ, հանդէս եկաւ հիւր երգիչ՝ Դաւիթ Սամուէլեան ազգային եւ հայրենասիրական յախուռն երգերով, ոգեկոչելով ներկաներուն ազգային եւ հայրենական ոգին:
Տիկ. Աստղիկ Տատուրեան բեմ բարձրանալով նախ ներկայացուց օրուան հովանաւոր բարերար Տիկ. Անի Սարգիսեանի կենսագրութիւնը: Տիկ. Սարգիսեան ծնած է Պաղեստինի Հայֆա քաղաքը: Ծնողները գաղթական հայու ցուպը ձեռներուն, անցած են Յորդանան պաղեստինեան պատերազմի ժամանակ, ուր դեռատի Անին ստացած է իր ուսումը, որ ապա անցնելով Ֆրանսա մասնագիտացած է մանկավարժական ասպարէզին մէջ: Վերադառնալով Յորդանան կ՚աշխատակցի տեղւոյն վարժարաններուն մէջ, ուր կը գտնէ իր կողակիցը, Էտմոն Սարգիսեանը եւ ամուսնանալով անոր հետ կ՚անցնին Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՚ունենան 3 զաւակներ՝ Ժանինը, Ալէքը եւ Մառլէնը եւ երեք թոռներ: Տիկ. Տատուրեան, ըլլալով Վեթերաններու վարչութեան անդամ, սոյն պատշաճ առիթով, վարչութեան շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Տիկ. Սարգիսեանին, Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածով, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Անդրանիկ Գարակէօզեան անգլերէն լեզուով ներկայացուց Տիկ. Սարգիսեանի կենսագրութիւնը եւ ապա անոր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը, որպէս գնահատանք անոր հոգատար արարքներուն:
Օրուան յայտագրի երաժշտական բաժնի կատարումը շարունակուեցաւ Մերուժան Մարգարեանի ջութակի եւ Ծննդեան երաժշտութիւններու գեղեցիկ ներկայացումներով եւ նաեւ՝ Մինաս Կէօքկէօզեանի Սուրբ Ծննդեան երաժշտական հաւաքածոներու կատարումով:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ վաճառուած տոմսերու վիճակահանութիւնը, ուր 16 ներկաներ բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան իրենց յարատեւ եւ արդիւնաբեր աշխատանքներուն համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ