ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած է Քոնկրէսի կողմէ ընդունուած օրինագիծը, որով Միացեալ Նահանգները ուղղակի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բնակող քրիստոնեաներուն, եզիտիներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն:
«Այս օրէնքը շարունակութիւնն է իմ վարչակազմի աշխատանքին, որով ԱՄՆ-ի օգնութիւնը հասցէական կ՚ուղղուի հալածուող համայնքներուն»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Ըստ «Արմէնփրէս»-ի, «Ամերիկայի ձայնը» կը հաղորդէ, թէ ստորագրման արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Վիգէն Այվազեան: Անոր խօսքով` ԱՄՆ-ի օգնութիւնը կը նախատեսուի բաշխել ինչպէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բնակուող արդէն փոքրաթիւ քրիստոնեայ համայնքներուն, այնպէս ալ հալածանքներու պատճառով այլ երկիրներ տեղափոխուած քրիստոնեաներու եւ եզիտիներու միջեւ:
«Անոնք, որոնք գաղթական են, պէտք է օգտուին այս աջակցութենէն»,– ըսած է արքեպիսկոպոսը:
Ստորագրման արարողութեան նախորդած զրոյցներուն մէջ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յատուկ ընդգծած է Հայաստանի ներդրումը Մերձաւոր Արեւելքէն քրիստոնեայ փախստականներ ընդունելու գործին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի նախագահ Թրամփին, ապա ան հայերու մասին լաւ տեղեկացուած էր:
«Երբ ըսի հայ եմ, ըսաւ՝ օ՜, հայերը խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ են»,–աւելցուցած է արքեպիսկոպոսը:
«Հայերն այսօր»






