ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրականութեան մէջ Սփիւռքը դարձած է կարեւոր ներկայութիւն մը իր որոշակի առաքելութեամբ, որն է հայ քրիստոնեային Հայրենիքի սահմաններէն դուրս հայ պահելը իր եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ հաստատութիւններով:
Բնական է, որ այս բոլորը կը պահանջեն լուրջ ծրագրաւորում, աշխատանք, ծառայութիւն, նիւթական պարտաւորութիւններ, որոնց արդիւնքը կ՚ըլլայ այն, որ նպատակ ու նկարագիր հաղորդած կ՚ըլլանք մեր կեանքին՝ ապահովելով կազմակերպեալ ու կայուն Սփիւռքի մը ներկայութիւնը:
Հայրենիքէն դուրս ունինք համատարած Սփիւռք մը՝ գաղութներով տարածուած աշխարհի չորս ծագերուն: Այս պատկերին մէջ ներկայիս կը տեսնենք գաղութներ, որոնք իրենց փառքի օրերը ապրած ըլլալով, ցաւ ի սիրտ, մարած են կամ տակաւ առ տակաւ կը մարին: Այնուամենայնիւ, ընդհանուր պատկերը մեզի կը ներկայանայ յուսադրող երեւոյթներով:
Վերջին հարիւրամեակին հայ Սփիւռքը դարձաւ աւելի ընդարձակ։ Այսօր աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ ունինք մեծ ու փոքր համայնքներ բոլորն ալ իրենց կազմուածքով եւ նկարագիրով տարբեր մէկզմիւսէն: Կան, սակայն, երկու գերագոյն արժէքներ՝ Մայր Հայրենիքն ու Սբ. Էջմիածինը, որոնք կը միաւորեն մեր ժողովուրդը: Այս երկու սրբութիւնները մեր էութեան մէջ արմատաւորուած՝ ամուր ենք որպէս սփիւռք եւ կը շարունակենք մեր բարի պատերազմը, գոյատեւելու համար որպէս ապրող ու շնչող եկեղեցի ու ազգ:
Այսօրուան սփիւռքը բազմաշերտ է ու բազմագոյն: Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ տեղահանուած հայ գաղթականներուն տարիներ անց եկան միանալու Հայաստանէն, Պարսկաստանէն, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէն արտագաղթած հայեր։ Առաւելաբար տնտեսական եւ քաղաքական պատճառներով արտագաղթը թերեւս ժխտական կարելի է համարել, որովհետեւ արտահոսքը ամէն պարագայի ցաւ կը պատճառէ մեզի։ Սակայն պէտք է ըմբռնել նաեւ իրերու վիճակը: Միւս կողմէն, դէպի Սփիւռք ներհոսքը արթնութեան նոր ալիք մը բերաւ ուծացող համայնքներէն ներս: Վերաշխուժացան եկեղեցական ու ազգային կառոյցները, աւելցան դպրոցները, աշխոյժ կապ հաստատուեցաւ Մայր Հայրենիքին հետ: Չենք անդրադառնար Ռուսաստանի Սփիւռքին, որ կը թուի ըլլալ ամենաարագ ձուլուող համայնքը եւ ուր դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել Սփիւռքի աւանդական նախատիպին ձեւաւորումը։
Դժուարութիւնները մէկդի դնելով՝ այնուամենայնիւ, Սփիւռքը դրական եւ լաւատեսական մօտեցումով պէտք է ընկալել։ Որպէս Սփիւռք մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւնները յարգելով տուեալ երկրի նկատմամբ՝ պարտինք զգօն ըլլալ, որպէսզի չմարի մեր մէջ հայեցի նկարագիրը պահ-պանելու ձգտումը։ Կը հասկնանք, որ այս աշխարհը առհասարակ շարժման մէջ է եւ կարծէք մարդիկ դարձած են աշխարհաքաղաքացի: Այսուհանդերձ, Սփիւռքի սրբազան պարտականութիւնն է պահպանել հայ ազգային ոգին, հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ կրօնքը աշխարհի բոլոր կողմերը։ Մեր ազգային արժէքները ո՛չ թէ պէտք է հակադրել համամարդկային, համընդհանուր արժէքներուն, ըլլան անոնք մշակութային, բարոյական, հոգեւոր, ընկերային, թէ քաղաքացիական, այլ՝ դրականը քաղելով համադրել մեր արժեհամակարգը:
Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւոր չորս տասնամեակներու մեր ծառայութիւնը որքա՜ն դասեր տուաւ մեզի: Ընդլայնուեցաւ մեր մտահորիզոնը ե՛ւ կրօնական, ե՛ւ հոգեւոր, ե՛ւ թէ մտաւոր իմաստով։ Սորվեցանք հեռուն նայիլ եւ լայնախոհ ըլլալ՝ յարգանք տածելով բոլորին հանդէպ՝ անկախ այն բանէն կ՚ընդունի՞նք երեւոյթը կամ անձը, թէ՞ ոչ։ Բորորը յարգելով է, որ խորապէս հասկցանք մեր ազգային նկարագրին, մշակոյթին եւ ընդհանրապէս՝ արժեհամակարգին աստուածատուր պարգեւ ըլլալը եւ այն պաշտպանելու մեր սրբազան առաքելութիւնը։
Ուրեմն, ամուր պահենք Մայր Հայրենիքի, Ս. Էջմիածնի ու հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի կապը, որպէսզի անսասան մնայ մեր ինքնութիւնը։ Կրթե՛նք գալիք սերունդները մեր դաւանած ազնուագոյն արժէքներով, տա՛նք անոնց հնարաւորութիւն բարձրագոյն կրթութեան լաւագոյն համալսարաններէ ներս, որպէսզի անոնք դառնան համաշխարհային առումով լաւա-գոյն մասնագէտներ բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ ատակ առաջնորդներ: Միջակութիւնը պարտինք մերժել այլեւս։
Դարեր շարունակ Սփիւռքը գոյատեւած է նաեւ քրիստոնէական հաւատքի շնորհիւ, մանաւանդ՝ այլադաւան երկիրներու մէջ։ Այսօր ալ, խոր եւ գիտակից քրիստոնէական հաւատքով կարելի է յաղթահարել նորօրեայ մարտահրաւէրները։ Մենք համոզուած ենք, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կարեւոր դերակատարութիւն ունի Սփիւռքի գոյատեւման եւ անոր հայապահպանութեան կարեւոր առաքելութեան մէջ։
Ուրեմն, մշտապէս սեւեռուն պահենք մեր հայեացքը Սբ. Էջմիածնին եւ Մայր Հայաստանին՝ մնալով գիտակից մեր ինքնութեան եւ գերագոյն արժէքներուն։






