ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յիշեցէ՛ք այս անունը՝ Գայիանէ Մածունեան։ Արուեստագէտ ընտանիքի զաւակ (լիբանանահայ երաժշտական աշխարհի քաջածանօթ հանգուցեալ Դանիէլ Մածունեանի դուստրը), վերջին տասնամեակին յեղաշրջեց լիբանանահայ բեմը, յաջորդական բարձրորակ բեմականացումներով՝ ելոյթներով։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալով Երեւանի մէջ, եւ ապրելով Հայաստանի օդն ու ջուրը տարիներ շարունակ, ան Պէյրութի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը բարձրացուց նոր մակարդակի։
Ստորեւ, լիբանանահայ մտաւորական, «Զարթօնք»ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Պարոյր Աղպաշեանի վկայութիւնը՝ վերջին ելոյթին առիթով։
ՆՈՐ ՕՐ
Հայկական պարարուեստը, որոշապէ՛ս, հայ մշակոյթի ամէնէն ժողովրդականն է, իր ստեղծած խանդավառութեամբ, հաղորդականութեամբ ու կենսախնդութեամբ։
Ի զուր տեղ չէ, որ դարերէ ի վեր, ազգագրական եւ աշուղական, ժողովրդական եւ քնարերգական պարարուեստը յատուկ տեղ գրաւած է հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ, իրերայաջորդ սերունդներու մէջ սնուցանելով սէր ու հաւատք, անոր մատուցումի ընդմէջէն կառչած մնալու հայ պարային արուեստի գոյնին ու ներշնչումին։
ՀԲԸՄ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, իր զանազան ու տարաբնոյթ գործունէութեանց մէջ, միշտ ալ կարեւորութիւն տուած է հայ մշակոյթի սատարման եւ ոգեկոչման գործին, ի մասնաւորի՝ հայկական պարային խումբեր կազմելով եւ, որքան կարելի է, երիտասարդութիւն ներգրաւելով անոնց մէջ։
Այդ օրինակելի աւանդութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի, որովհետեւ անոր մէջ կը տեսնուի այն ներուժը, որուն միջոցով հայ պատանին ու պատանուհին աւելի կը փարին հայ մշակոյթին, աւելի կ’ոգեւորուին, այս պարագային՝ պարարուեստով։
Այս նախանձախնդրութեամբ ու պատրաստակամութեամբ ու շարունակելով աւանդութիւնը, այս տարի եւս, ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբը, 23-24-25 Նոյեմբեր 2018-ին, հանդէս եկաւ սքանչելի ու վարակիչ ելոյթներով, պարարուեստասէր հանրութեան (եւ աշակերտութեան) ներկայացնելով ճոխ յայտագիր մը, պարն ու երաժշտութիւնը միաձուլուած, հոգեցունց պահեր ստեղծելով։
Անմիջապէս ըսենք, որ բաւական ծանր եւ յանձնառու պատասխանատուութեամբ, ՀԵԸ-ի վարչական ու մշակութային պատասխանատու մարմինները, պարախումբի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ՝ Տիկ. Անի Պոտրումեանի եւ յատկապէս համոյթի գեղարուեստական ղեկավար՝ Գայիանէ Մածունեանը, ամիսներու տքնաջան, հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով, կրցան պարախումբը ոտքի պահել, արդիւնաւորել ու կենսաւորել, շնորհիւ իրենց ցուցաբերած աշխատունակութեան։
Իսկապէս «հերոսութիւն» է, աւելի քան հարիւր պարման-պարմանուհի համախմբել, մարզել ու վարժեցնել, կոփել ու դաստիարակել, հայկական միջավայրով, ազգային շունչով, հայրենասիրական լիցքով ու պարային թռիչքներով։
Իւրաքանչիւր պատկեր եւ երեւում, ամէնէն փոքր թիթեռներէն մինչեւ ամէնէն հասունները, աղջիկ թէ տղայ, իրենց անհատական ու հաւաքական կատարումներով
– Դարձան պարիկներ
– Եղան յաւերժիկներ
– Կերտեցին կերպարներ
– Վերածուեցան կոթողներու
– Մշակեցին օճախներ
Հանդիսականները խոր ապրումներով համակուեցան եւ բուխ զգացումներով տոգորուեցան, երբ կը տեսնէին իրենց զաւակներուն պարային «ոստում»ներն ու նազելային շարժուձեւերը, ուր կար՝ հուր ու եռանդ, ոգի եւ խինդ, ինչ-որ անգին պատիւ մըն էր, ինչպէս «Արին»ականներուն, նաեւ ծնողներուն համար։
Բացայայտ էր, որ յայտագիրի ղեկավարը՝ Մածունեան, անկոտրում եւ անմնացորդ ճիգ թափած էր, ոչ միայն պարուսուցումին մէջ յաջողելու, այլեւ՝ իւրաքանչիւր խումբի, առանձին-առանձին եւ հաւաքականօրէն օղակելու ու համադրելու գործին մէջ։
Արդիւնքը, աւելի քան գոհացուցիչ էր, քանի որ Գայիանէի հմտութեամբ, կարողութեամբ ու փորձառութեամբ արուեստագիտուհիին համար, միա՛կ ճամբան ատիկա կրնար ըլլալ։
Ուշագրաւ ու գնահատելի էին նաեւ հետեւեալները.
– Տարազներու գունագեղութիւնն ու պերճաշքեղութիւնը, իրենց հայկականութեամբ ու հայադրոշմութեամբ, հարազատ երանգ ու բոյր տալով։
– Ցուցապաստառը, իր լուսախաղութեամբ ու համապատկերութեամբ, ներդաշնակելի էր բեմահարթակի վրայ դրոշմուող պարային կատարութեան հետ։
– Պաստառին ձախ կողմի հակիրճ գրութիւնները, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, իրենց պատմողականութեամբ, իմաստալի ու նշանակելի էին։
***
«Արին»ականներուն պարգեւած հաճոյքն ու հմայքը, ինչպէս նաեւ՝ գեղարուեստական ղեկավարին արձանագրած նոր իրագործումն ու նուաճումը, պատասխանատուներուն հովանաւորութիւնն ու գործօն զօրակցութիւնը, մեզի յուշել կու տան հետեւեալ արագ մտորելի կէտերը.
ա. Հայ պարարուեստը անխուսափելի ներկայութիւն մըն է (ու պէտք է մնայ) հայ իրականութեան մէջ։
բ. Միութենական ղեկավարութիւններ պէտք է շարունակեն ջատագովել ու քաջալերել նման շարժումներու գոյատեւման կենսունակութիւնը
գ. Ի պատիւ նոր սերունդին, հրապուրուած է ու պատրաստ՝ իր մասնակցութիւնը բերելու արուեստի այս մարզին։
դ. Գայիանէ Մածունեանի նման բարձրարուեստ արուեստագիտուհիներու առաջ մղումը ու ներգրաւումը առաջադրանքային գործ պէտք է ըլլան։
ե. Արուեստասէր հասարակութիւնը կարելի է զբաղցնել ու կապել պարարուեստի բնագաւառին։
Յամենայն դէպս, ներկայացումները հոգեպարար պահեր ստեղծեցին, որոնց այնքան կարիքը կար եւ որուն համար շնորհաւորելի են բոլոր կողմերն ու մասնակիցները, անխտի՛ր։
Պ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ