Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

«Սարուխան պարզօրէն հաստատած է ինչ որ հիմա այս օրերուն կը կրկնուի. «Հետեւէ՛ կիրքիդ» (follow your passion»

Սիլվա ՆերետեանԲլատեան 

Խօսք Արտասանուած Ալեքսանտր Սարուխանի «Յուշեր» Գիրքին Շնորհանդէսին

Սիրելի բարեկամներ,

Ե՛ւ ուրախալի, ե՛ւ յուզումնալից է ինծի համար այս պատմական պահը։ 

Պատմակա՛ն է, քանի որ, վերջապէ՛ս, երկա՜ր տարիներ ետք լոյս տեսան մեծ հօրս՝ Ալեքսանտր Սարուխանի յուշերը: 

Երկա՜ր աշխատանքի արդիւնք է այս փոքրիկ գիրքը։ 

Պէտք է նշեմ, թէ տիար Հրանդ Քէշիշեանն էր, որ մտայղացաւ Սարուխանի անձամբ գրած, 1975 եւ 1982 թուականներուն «Արեւ»ի մէջ թերթօնի ձեւով լոյս տեսած յուշերը գիրքի վերածել։ 

Պրն. Հրանդին յայտնած այս կարծիքը, փաստօրէն, տարիներ շարունակ մնաց որպէս միտք, մինչե՜ւ շնորհակալութեամբ ստացանք «Զարթօնք» թերթի խմբագիր տիար Սեւակ Յակոբեանի գիրքը սիրայօժար խմբագրելու եւ առհասարակ այս հարցով մեզի օգտակար դառնալու ազնիւ առաջարկը, որուն յետոյ սիրով միացաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը։

Բայց անոնց կողքին եղան նաեւ մեզի սիրո՛վ օգնող, օժանդակո՛ղ եւ ա՛յս ծրագիրը իրագործելու համար աշխատող, գիրքին աւարտին կցուած մեր «Շնորհակալիք»-ին մէջ յիշուած եւ նաեւ չյիշուած հարազատ բարեկամներ, որոնց նոյնպէս շնորհակալ ենք անխտիր։ 

Անշուշտ, մեր սրտագին շնորհակալութեան խօսքը պիտի յայտնենք Հայ ազգային հիմնադրամին եւ յարգարժան Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Եգիպտոսի շրջանային վարչութեան, որոնք նիւթական եւ բարոյական ոչ մէկ ջանք խնայեցին այս գիրքի արժանավայել հրատարակութեան համար։ 

«Յուշեր» գիրքը Սարուխանին բնորոշ մտերմիկ ոճով գրուած շատ հոգեհարազատ գիրք է։ 

Համոզուած եմ, որ մէ՛կ շունչով եւ մեծ հաճոյքով պիտի ընթերցէք այս երկու մասէ բաղկացած յուշերը՝ «Ինչպէս Եգիպտոս եկայ» եւ «ինչպէս երգիծանկարիչ եղայ»:

Կարդալով դո՛ւք ալ պիտի հաստատէք անգամ մը եւս, թէ ինչքա՛ն այժմէական են Սարուխանին գաղափարները, պիտի տեսնէք, թէ  ինչքա՜ն երկար տառապած է ան իր իսկական կոչումին՝ արուեստին հասնելու համար։

Ան մի՛շտ ընտրած է իր իսկակա՛ն կոչումը՝ իր աստուածաշնորհ տաղանդը, իր միա՛կ եւ անփոխարինելի՛ սէրը՝ իր արուեստը։

Սարուխան պարզօրէն հաստատած է ինչ որ հիմա այս օրերուն կը կրկնուի. «Հետեւէ՛ կիրքիդ» (follow your passion): 

Ան կ’ըսէ. 

«Տաղանդը լաւ բան է, բայց կիրարկուած ճիւղին հանդէպ կիրքը աւելի լաւ է։ Կարելի է ըսել, թէ լաւ է նուազ տաղանդ ունենալ, բայց սէր ու կիրք ունենալ գործին հանդէպ, քան մեծ տաղանդ ունենալ բայց չսիրել իր ճիւղը»:

«Ազատ ասպարէզի մարդ եմ։ Ճի՛շդ է, մեծ հարստութեան չտիրացայ, բայց իմ աչքին՝ ազատութիւնս հազարներու արժէք ունի»:

Սարուխանի կեանքին նպատակն էր ժպիտ բաշխել շուրջիններուն:

Վերջապէս շնորհակալական խօսք ունիմ նաեւ Կոկանեան սրահի վարչութեան, ատենապետին եւ մշակութային յանձնախումբին այսօրուան հանդիսութեան կազմակերպութեան համար:

Եւ ձեզի, սիրելի բարեկամներ, ձեր ներկայութեամբ մեզ պատուեցիք: 

Շնորհակալութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին