Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Մեծ է Հաւանականութիւնը, որ Սփիւռքի Նախարարութիւն Չունենանք. Նիկոլ Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Բաւական մեծ է հաւանականութիւնը, որ նոր կառավարութեան կառուցուածքին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւն չունենանք: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, երիտասարդ ձեռներէցներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք հաւաստի է լուրը, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի փակուի։

«Մենք հիմա քննարկումներու փուլի մէջ ենք։ Մեր ամենակարեւոր խնդիրը պետական կառավարման համակարգին մէջ կառավարման առաւել արդիւնաւէտ մակարդակի հասնիլն է, ներառեալ` Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու մէջ։ Այո՛, կայ այդպիսի հաւանականութիւն, եւ բաւական մեծ է այդ հաւանականութիւնը, որ նոր կառավարութեան կառուցուածքին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւն չենք ունենար, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք այլ կառոյցներու միջոցով այդ կապերը արդիւնաւէտ չենք դարձներ»,- յայտարարած է ան:

Փաշինեանի խօսքով՝ ամենակարեւոր էական խնդիրը այն է, որ, ըստ էութեան, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու բաղադրիչ ունին բոլոր նախարարութիւնները` առանց բացառութեան։ «Ասիկա էական խնդիր է, որ մենք պէտք է լուծենք։ Կայ այդ խնդիրը լուծելու քանի մը տարբերակ, որոնց վրայ մենք կ՝աշխատինք»,- շեշտած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին