Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Համալսարաններու Արեւելումի Հանդիպում

Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ 19 Դեկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 9։30-11։00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարաններու արեւելում՝ մասնակցութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան, Լիբանանի Ամերիկեան, Հայկազեան, Ս. Ժոզէֆ, Ս. Հոգի (Holy Spirit university of Kaslik – USEK) Նոթր Տամ, Պալամանտ, Պէյրութ-Արապ, Անթոնին, Լա Սաժէս, Միջին Արեւելք, Լիբանանի Ֆրանսական համալսարաններուն եւ Սպայից վարժարանին։ Արեւելումին ներկայ գտնուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Միացեալ եւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աւելի քան 100 աշակերտներ։

Սրահին մէջ իւրաքանչիւր համալսարանի յատկացուած էր սեղան մը, որուն վրայ տեղադրուած էին այդ համալսարանի վերաբերող գրքոյկներ եւ թերթիկներ։ Աշակերտները ուղղուեցան իրենց նախասիրած եւ զիրենք հետաքրքրող համալսարանի սեղանին մօտ՝ ստանալու համար տեղեկութիւններ եւ ցուցումներ, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացնելիք թղթածրարին, արձանագրութեան եւ անոր ժամկէտին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։

Համալսարաններու ներկայացուցիչները ծանօթացուցին իրենց համալսարանները, դասաւանդուող մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխանցեցին համապատասխան վկայականներու մասին տեղեկութիւններ ներկայացող աշակերտներուն եւ տրամադրեցին իրենց համալսարաններու քարոզչական թերթիկները։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին