Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Իշխանութեան Կոչ Ըրած Է Ֆինանսապէս Աջակցելու Պոլսահայ Դպրոցներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական իշխանութեան կոչ ըրած է ֆինանսապէս աջակցելու պոլսահայ դպրոցներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին Փայլան գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ:

Փայլան կոչ ըրած է յստակացնելու հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու կարգավիճակը, քանի որ, չնայած Լոզանի պայմանագիրին, որով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համայնքային դպրոցներ ունենալու իրաւունք կը տրուի, անոնց պաշտօնական կարգավիճակը յստակ չէ: Պետութիւնը կանոնակարգուած չ’աջակցիր այդ հաստատութիւններուն:

Փայլան նշած է նաեւ, որ պէտք չէ խուսափիլ բազմալեզու կրթութենէն, ինչը կիրարկուած է դեռ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին:

Հայ պատգամաւորը նաեւ գրառումին մէջ բերած է իր անձնական օրինակը: «Ես սկսած եմ հայերէնէն, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, թրքերէն ալ կը խօսիմ, անգլերէնս ու սպաներէնս ալ բաւական լաւ են»,- գրած է Փայլան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին