Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Իրանը Յայտարարած Է Նաւթի Ու Կազի 40 Նոր Հանքավայրերու Յայտնաբերման Մասին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Իրանը յայտարարած է նաւթի ու կազի շուրջ 40 նոր հանքավայրերու յայտնաբերման մասին եւ յոյս ունի մօտ ժամանակներս ձեռնամուխ ըլլալ անոնց իւրացման: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է Իրանի նաւթի ազգային ընկերութեան հանքավայրերու հետախուզման գերատեսչութեան ղեկավար Սալեֆ Հենտին:

«Ներկայիս Իրանը ածխաջրածիններու հետախուզում կ’իրականացնէ իր 60 տոկոս կազմող տարածքին, այդ կարգին՝ այնտեղ, ուր մինչեւ վերջին ժամանակներս նման որոնումները անհեռանկարային կը համարուէին»,- գերատեսչութեան ղեկավարի խօսքը մէջբերած է «IRNA» գործակալութիւնը: Յայտամրցոյթի պիտի ներկայացնեն պատրաստ ածխաջրածիններու նոր յայտնաբերուած հանքավայրերու 14 պլոքներ:

«Իրանը աշխարհի վրայ առաջին տեղը դուրս եկած է նաւթի ու կազի պաշարներու ծաւալով,- կը պնդէ Հենտին:- Ընդամէնը մի քանի տարի առաջ մենք կը համոզէինք օտարերկրեայ, մասնաւորապես, չինական ընկերութիւնները, որ մեզի հորատման սարքաւորումներու որոշակի տեսակներ վաճառեն, իսկ այժմ մենք մեզի լիովին կ’ապահովենք այդ ոլորտին մէջ անհրաժեշտ ամէն ինչով: Ամերիկեան պատժամիջոցներու վերադառնալէն ետք, մենք որեւէ խնդիր չենք ունեցած, ածխաջրածիններու հետախուզումը կը շարունակուի»,- հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին