Մասնակցութեամբ Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներուն
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ 19 Դեկտեմբեր 2018-ին առաւօտեան ժամը 9։30-11։00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարաններու արեւելում՝ մասնակցութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան, Լիբանանի Ամերիկեան, Հայկազեան, Ս. Ժոզէֆ, Ս. Հոգի (Holy Spirit university of Kaslik – USEK) Նոթր Տամ, Պալամանտ, Պէյրութ-Արապ, Անթոնին, Լա Սաժէս, Միջին Արեւելք, Լիբանանի Ֆրանսական համալսարաններուն եւ Սպայից վարժարանին։ Արեւելումին ներկայ գտնուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Ազգային Միացեալ եւ Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարաններու ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աւելի քան 100 աշակերտներ։
Սրահին մէջ իւրաքանչիւր համալսարանի յատկացուած էր սեղան մը, որուն վրայ տեղադրուած էին այդ համալսարանի վերաբերող գրքոյկներ եւ թերթիկներ։ Աշակերտները ուղղուեցան իրենց նախասիրած եւ զիրենք հետաքրքրող համալսարանի սեղանին մօտ՝ ստանալու համար տեղեկութիւններ եւ ցուցումներ, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացնելիք թղթածրարին, արձանագրութեան եւ անոր ժամկէտին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։
Համալսարաններու ներկայացուցիչները ծանօթացուցին իրենց համալսարանները, դասաւանդուող մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխանցեցին համապատասխան վկայականներու մասին տեղեկութիւններ ներկայացող աշակերտներուն եւ տրամադրեցին իրենց համալսարաններու քարոզչական թերթիկները։






