«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական իշխանութեան կոչ ըրած է ֆինանսապէս աջակցելու պոլսահայ դպրոցներուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին Փայլան գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ:
Փայլան կոչ ըրած է յստակացնելու հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու կարգավիճակը, քանի որ, չնայած Լոզանի պայմանագիրին, որով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համայնքային դպրոցներ ունենալու իրաւունք կը տրուի, անոնց պաշտօնական կարգավիճակը յստակ չէ: Պետութիւնը կանոնակարգուած չ’աջակցիր այդ հաստատութիւններուն:
Փայլան նշած է նաեւ, որ պէտք չէ խուսափիլ բազմալեզու կրթութենէն, ինչը կիրարկուած է դեռ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին:
Հայ պատգամաւորը նաեւ գրառումին մէջ բերած է իր անձնական օրինակը: «Ես սկսած եմ հայերէնէն, բայց, ինչպէս կը տեսնէք, թրքերէն ալ կը խօսիմ, անգլերէնս ու սպաներէնս ալ բաւական լաւ են»,- գրած է Փայլան:






