«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրանը յայտարարած է նաւթի ու կազի շուրջ 40 նոր հանքավայրերու յայտնաբերման մասին եւ յոյս ունի մօտ ժամանակներս ձեռնամուխ ըլլալ անոնց իւրացման: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է Իրանի նաւթի ազգային ընկերութեան հանքավայրերու հետախուզման գերատեսչութեան ղեկավար Սալեֆ Հենտին:
«Ներկայիս Իրանը ածխաջրածիններու հետախուզում կ’իրականացնէ իր 60 տոկոս կազմող տարածքին, այդ կարգին՝ այնտեղ, ուր մինչեւ վերջին ժամանակներս նման որոնումները անհեռանկարային կը համարուէին»,- գերատեսչութեան ղեկավարի խօսքը մէջբերած է «IRNA» գործակալութիւնը: Յայտամրցոյթի պիտի ներկայացնեն պատրաստ ածխաջրածիններու նոր յայտնաբերուած հանքավայրերու 14 պլոքներ:
«Իրանը աշխարհի վրայ առաջին տեղը դուրս եկած է նաւթի ու կազի պաշարներու ծաւալով,- կը պնդէ Հենտին:- Ընդամէնը մի քանի տարի առաջ մենք կը համոզէինք օտարերկրեայ, մասնաւորապես, չինական ընկերութիւնները, որ մեզի հորատման սարքաւորումներու որոշակի տեսակներ վաճառեն, իսկ այժմ մենք մեզի լիովին կ’ապահովենք այդ ոլորտին մէջ անհրաժեշտ ամէն ինչով: Ամերիկեան պատժամիջոցներու վերադառնալէն ետք, մենք որեւէ խնդիր չենք ունեցած, ածխաջրածիններու հետախուզումը կը շարունակուի»,- հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






