Գաւառի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի ամէնամեայ` 21րդ գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին եւ Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադրման 25րդ տարեդարձին:
Գիտաժողովին մասնակցեցան ութսունէ աւելի հեղինակներ եւ համահեղինակներ Գաւառի պետական համալսարանէն եւ Հայաստանի տարբեր համալսարաններէ ու գիտահետազօտական հիմնարկներէ: Զեկոյց մը ներկայացուած էր նաեւ Արցախի պետական համալսարանէն:
Մասնակիցները ողջունեց ԳՊՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրանուշ Յակոբեան: Տիկին Յակոբեան ներկայացուց զեկուցում` ‹‹Սպիտակի երկրաշարժի դասերը․ վերլուծութիւն երեսուն տարի անց›› թեմայով եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
ԳՊՀ տնօրէն Ռուզաննա Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն եւ կարեւոր համարեց կրթութեան ու գիտութեան օրգանական կապը, դասախօսներու գիտահետազօտական գործունէութիւնը եւ գիտական արդիւնքի կիրառումը ուսումնական գործընթացին մէջ:
Տիկին Յակոբեան հանդէս եկաւ զեկուցումով ‹‹Կրթութիւնը որպէս բազմաչափ հասկացութիւն›› թեմայով` անդրադառնալով կրթութեան փիլիսոփայական, պատմական, ընկերային եւ իրաւական հիմքերուն, ինչպէս նաեւ արդի կրթական համակարգի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն:
Լիագումար նիստէն ետք գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան բնական եւ մարդասիրական գիտութիւններուն վերաբերող վեց մասնագիտական բաժանմունքներու մէջ:






