«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխնախագահ Պրոք Պիրմաը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՆ ՄԶԳի հետ արդիւնաւէտ գործակցութեան հետագայ զարգացումն ու ընդլայնումը տարբեր ուղղութիւններով: Վարչապետի պաշտօնակատարի խօսքով՝ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն եւ հաստատակամ պիտի շարունակէ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղուած բարեփոխումները եւ այդ առումով ընդգծել ԱՄՆ ՄԶԳի հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը Պրոք Պիրմանի այցը ՀՀ համարած է լաւ հնարաւորութիւն՝ նախանշելու հետագայ գործակցութեան ոլորտները: «Մեր նպատակն է քաղաքական յեղափոխութիւնը վերածել տնտեսական յեղափոխութեան եւ այդ կարեւորագոյն փոփոխութիւնների իրականացման ճանապարհին շահագրգռուած ենք ակտիւօրէն գործակցել ԱՄՆ ՄԶԳի հետ: Մեր քայլերն ուղղուած են ժողովրդավարութեան ամրապնդմանը, պիզնես միջավայրի բարելաւմանը, ներդրումների ներգրաւմանը, քաղաքացիական հասարակութեան զարգացմանը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ հեռանկարային համարելով գործակցութիւնը ԱՄՆ ՄԶԳի հետ նաեւ գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ: Վարչապետի պաշտօնակատարը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգռուած է ԱՄՆի հետ տնտեսական գործակցութեան զարգացմամբ եւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումով:
Պրոք Պիրման նախ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական բարձր մակարդակի արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելուն համար եւ յաւելած. «Ինձ համար պատիւ է հանդիպել Ձեզ հետ՝ նշանաւորելու այս պատմական էջը Հայաստանի պատմութեան մէջ: ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը պատրաստ է աշխատել կառավարութեան հետ՝ Հայաստանի ժողովրդավարական ինստիտուտների առաւել հզօրացման, կոռուպցիայի դէմ պայքարի եւ առեւտրի ու ներդրումների խթանման բնագաւառներում»:
Հանդիպումին զրուցակիցները պայմանաւորուած են, որ գործակցութեան ուղղութիւնները յառաջիկային կը յստականան ՀՀ կառավարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳի հայաստանեան գրասենեակի քննարկումներուն:






