«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կանանց ու տղամարդկանց իրական իրաւահաւասարութեան հասնելու համար, այդ կարգին՝ աշխատանքի վարձատրութեան առումով, կը պահանջուի 202 տարի մըն ալ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Bloomberg»ը՝ վկայակոչելով Համաշխարհային տնտեսական ժողովի «Համաշխարհային զեկոյց սեռերու միջեւ խզումի մասին- 2018»ը:
Քաղաքականութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ սեռերու միջեւ անհաւասարութիւնը մէկ տարուան մէջ բարելաւուած է 0.1 տոկոսէն ալ պակաս չափով, ինչը կը նշանակէ, որ հաւասարութեան հասնելու համար կը պահանջուի 108 տարի:
Սակայն տնտեսական հնարաւորութիւններու առումով խզումը կը մնայ ամենախնդրայարոյց բնագաւառը:
«Համաշխարհային առումով մենք կը տեսնենք, որ չունինք որեւէ երկիր մը, որ սեռերու միջեւ հաւասարութեան հասնէր՝ անկախ զարգացման մակարդակէն, տարածաշրջանէն կամ տնտեսութեան տիպէն: Սեռերու միջեւ անհաւասարութիւնը իրողութիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ մենք զայն կը տեսնենք կանանց կեանքի բոլոր տեսանկիւններէն»,- ըսած է Աննա-Քարին Ճաթֆորսը՝ «ՄԱԿ-կանայք» կառոյցի տարածաշրջանային տնօրէնը:
Ան յաւելած է, որ «202 տարին չափազանց երկար ժամանակ է տնտեսական արդարութեան հասնելու համար»: Համաշխարհային վարկանշային աղիւսակին մէջ առաջին տեղը արդէն տասը տարուան ընթացքին կը զբաղեցնէ Իսլանտան. լիակատար հաւասարութեան ապահովման ճանապարհը ան յաղթահարած է 85.8 տոկոսով:
Անոր կը յաջորդեն Նորվեկիան, Շուէտը եւ Ֆինլանտան: Տնտեսական հնարաւորութիւններու իրաւահաւասարութեան ապահովման բնագաւառին մէջ նուազագոյն յառաջընթացը արձանագրած երկիրները կը գտնուին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Անոնց շարքին են՝ Սէուտական Արաբիան, Իրանը, Չատը, Սուրիան, Իրաքը, Փաքիստանը, Եմէնը: