Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աուն Կ’երաշխաւորէ Նոր Կառավարութեան Մօտալուտ Կազմաւորումը. Նաժիպ Միքաթի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն կը հաւաստիացնէ, որ նոր կառավարութեան կազմաւորումը մօտալուտ է: Այս մասին հաղորդեց նախկին վարչապետ Նաժիպ Միքաթի Պաապտայի պալատին մէջ նախագահին հետ հանդիպումէն ետք:
Աուն հաստատեց նաեւ, որ պիտի սահմանուի աշխատանքային օրացոյց կառավարութեան կազմաւորումէն անմիջապէս ետք:
Յիշեցնենք, որ Հինգշաբթի ֆինանսներու նախարար Ալի Հասան Խալիլ «Reuters» գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ, թէ նոր կառավարութեան կազմաւորումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի իրականանայ մինչեւ Ամանոր: Ան աւելցուց, որ այնուհետեւ կարելի պիտի ըլլայ հանգուցալուծել Լիբանանի առջեւ ծառացող տնտեսական շարք մը թնճուկներ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին