Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայ Գործարարները Ցանկութիւն Յայտնած են Մասնակցելու Սուրիոյ Վերակառուցման Աշխատանքներուն

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիացիներու պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեր Հայաստանի մէջ սուրիական համայնքի լիկայի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգող կեդրոն» ՀԿ նախագահ ընկ. Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ:

Ըստ Armenpress.amի՝ հանդիպման ժամանակ քննարկումները ծաւալած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին, երկրի վերակառուցման գործընթացին շուրջ: Հայաստան հաստատուած սուրիահայ գործարարները ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին:

Սուրիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Սուրիոյ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբունքային դիրքորոշումը եւ երկրի դէմ սանձազերծուած ահաբեկչական պատերազմի ողջ ընթացքին ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ առաջատար երկիրներէն մէկը, որ արդար իրաւունք ունի մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման աշխատանքներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին