Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աուն Ընդունեց Նախարարական Պաշտօն Մը Զիջիլ՝ Լուծելու Համար Կառավարութեան Կազմաւորման Հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշէլ Աունի՝ կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին վերացնելու միտուած նախաձեռնութիւնը, որ է՝ նախարարական պաշտօն մը զիջիլ իր բաժնեմասէն, ներկայացուեցաւ սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխաններուն եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին:
Նախագահի նախաձեռնութիւնը՝ բաղկացած է հինգ կէտերէ.
Աուն նախարարական պաշտօն մը պիտի զիջի իր բաժնեմասէն սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխաններուն, Հարիրիի հաւանութիւն պիտի տայ Աունի առաջարկին, սիւննի երեսփոխաններու համաձայնութիւնը իրենց խմբաւորումէն դուրս նախարարի անուն մը ներկայացնելու, Հարիրիի եւ սիւննի երեսփոխաններուն միջեւ հանդիպում Պաապտայի պալատին մէջ, Հարիրիի կողմէ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան ընդունումը նոր կառավարութեան մէջ եւ Աունի հետ համատեղ հըզպալլայամէտ երեսփոխաններու առաջադրած անուններէն մէկը ընտրելու որոշումի կայացումը: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին